Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Շաբաթ, 15 օգոստոս 2020, յետմիջօրէ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անցած են 15 օրեր, սակայն դէմքիս, յատկապէս ճակտիս զոյգ լայն վէրքերը կը շարունակեն բացայայտ կերպով յուշել, որ պայթումին ահագնութիւնը լիովին կը մերժէ գէթ որոշ չափով հեռանալ ինձմէ… «Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը» հարցումը ոչ միայն կը մրճահարէ միտքս ու սիրտս, այլ նաեւ մնայուն կերպով կը հնչէ դէմքիս նայողներուն կողմէ, որոնց մէկ մասը ուղղակի, ուրիշներ անուղղակի ու փափկանկատ ըլլալու ճիգով կ՛ուղղեն նոյն հարցումը:

Մինչ այդ 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին պատճառած վէրքերու դարմանման համար յաճախակի կ՛այցելէի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, եւ իւրաքանչիւր անգամ հիւանդապահուհիներուն նայուածքին մէջ կը փորձէի գտնել բնութագրումը վէրքերուս վիճակին, երբ անոնք կը վերցնէին վիրակապերը: Անոնց դէմքին վրայ ուրուագծուած փոքր ժպիտը փոքր յոյս կը ներշնչէր, իսկ անոնց մտահոգ աչքերը մտահոգութեան լայն դռներ կը բանային:

– Վէրքերուդ մէկ մասը արդէն բաւական բարելաւուած է, կ՛ուզե՞ս հայելիին մէջ տեսնել զանոնք կրկին փակելէ առաջ:

Հայելի… Ինչո՞ւ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսքան կը տատամսիմ իմ իսկ դէմքիս դէմ յանդիման գտնուելէ:

Գլխուս դրական նշանէն ետք հիւանդապահուհիները ինծի կ՛երկարեն հայելին. ակնկալածէս աւելի լաւ է վիճակը ընդհանուր, սակայն ճակտիս վրայի վէրքերը, որոնք շատ հարեւանցի կերպով կցուած են, լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:

Քանի մը օր ետք ոչ լաւատեսութեան նշանը կ՛երեւի նաեւ հետեւողական կերպով զիս խնամող հիւանդապահուհիին աչքերուն մէջ, որոնք կը յուշեն, թէ այդ վէրքերուն բուժումը ժամանակի չի կարօտիր լոկ, այլ անպայման` վիրաբուժական միջամտութեան:

Մտահոգ, ընկճուած եւ յուզուած` այս մասին կը պատմեմ ընտանիքիս, եղբայրս կ՛ըլլայ արագ արձագանգողը` նշելով, որ «Ինսթակրամ»-ի վրայ նկատած է գրառումը գեղագիտութեան վիրաբուժի մը, որ յայտարարած է, թէ անվճար կերպով պիտի կատարէ անհրաժեշտ ամէն ինչ այն վիրաւորներուն, որոնք կը կրեն Պէյրութի պայթումին հետքերը: Առանց իմ դրական պատասխանիս սպասելու` ան կը կապուի բժիշկին, որ կ՛առաջարկէ իսկոյն այցելել իրեն` հասցէն ուղարկելով:

Կը հասնինք մեզի թելադրուած վայրը, կը մտնեմ հսկայ շէնքը, որուն սեմին կանգնած տղամարդը` հազիւ մասամբ վիրակապուած եւ մաս մըն ալ բաց վէրքերով դէմքս տեսած, առանց սպասելու հարցումի` կ՛ըսէ. «Վստահաբար տոքթոր Ճոյին քով եկած ես, հրամէ»:

Կը բարձրանամ նշուած յարկը, ուր իմ տրամադրութեանս նման ծանր լռութիւն կը տիրէ, օրը շաբաթ է, այդ ալ` արդէն երեկոյեան սեմին, բոլոր գրասենեակները փակ են, «Արդեօք բժի՞շկն ալ հոս չէ» կը սկսիմ մտածել` քիչ մը կորսուած: Սակայն շուտով դէմս կ՛ելլէ ցուցանակը` ՏՈՔԹ. ՃՕ ՊԱՐՈՒՏ: Կը թակեմ դուռը եւ հազիւ քիչ մը սպասած` կը շտապեմ հեռանալ, որովհետեւ ներքին թերահաւատութեամբ մը եկած եմ արդէն, ամէնօրեայ յոգնեցուցիչ, մերթ յուսադրող, մերթ յուսալքող դարմանումները, վիրակապերու մնայուն փոփոխութիւնները, կարերը եւ կցիչները քակելու մտահոգիչ արարողութիւնները հոգիս մաշեցուցած են արդէն, իսկ վերջին փուլին ճնշող եղան այդ զոյգ վէրքերուն չփակուիլը, անոնց պատճառած ցաւին վերանորոգուիլը, արեան անդադրում հոսքը, իսկ Պէյրութի պայթումէն վիրաւորուածները կամաւորաբար բուժելու եւ գեղագիտական ամէն խնամք տրամադրելու խոստում տուած այս բժիշկը լրիւ անծանօթ է ինծի, այդքան մեծաթիւ վիրաւորներ ինչպէ՞ս պիտի բուժէ…

Հազիւ քանի մը քայլ հեռացած` կը բացուի դուռը եւ մեղմ ժպիտով երիտասարդ մը մտերմաբար կ՛ըսէ.

– Նորան ըլլալու ես, կը սպասէի քեզի, կը ներես, ուշացայ դուռը բանալու, ստանձնած դեղերս կը դասաւորէի,- եւ ձեռքի լայն շարժումով զիս ներս կը հրաւիրէ:

Ամբողջ հոգեվիճակս անբացատրելի կերպով կը փոխուի այդ վայրկեանին իսկ, դուռը բացողը ինքն է` տոքթոր Ճոն, քարտուղարուհին եւ օգնականները մեկնած են, որովհետեւ շաբաթավերջ է արդէն, իսկ ինք հոն է առաքելութեամբ մը, ինծի, թերեւս ալ այլ վիրաւորներու կը սպասէ:

Բարեհամբոյր դէմքով ու մեղմ ժպիտով երիտասարդ բժիշկը ինծի կը նայի այնպէս, կարծես ոչ մէկ վէրք ըլլար դէմքիս վրայ: Նայուածք մը, որուն կարօտցած էի իսկապէս: Քանի մը ընթացիկ առողջական հարցումներ ուղղելէ ետք զիս կ՛առաջնորդէ վիրահատութեան սենեակ եւ ստուգում կատարելէ ետք, գրեթէ առիթ չի տար իմ փորձերուս` բացատրութիւններ տալու կամ հարցում ուղղելու, այլ ինք կ՛ըլլայ վճռողը.

– Հոսկէ չես կրնար երթալ նախքան վէրքերուդ մաքրուիլն ու անոնց լաւապէս կարուիլը: Անոնք լեցուն են աղտով, աւազով եւ ապակիի փշրանքներով, եթէ չմաքրուին, ոչ մէկ ձեւով կը փակուին: Մի՛ վախնար, անհրաժեշտ ամէն ինչ կ՛ընենք, դուն միայն հանդարտ նստէ, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:

Կը նստիմ ու կը յանձնուիմ, այլընտրանք չունիմ, ինծի ընկերակցող բարեկամիս կ՛ըսէ, որ շուրջ երկու ժամէն վերադառնայ կամ սպասէ դուրսը, ինչպէս որ ուզէ:

Անբացատրելի խաղաղութեամբ մը կը լեցուի էութիւնս, օտար բժիշկին խնամքին յանձնուած եմ, արդիւնքին մասին ոչ մէկ երաշխիք ունիմ, բայց իր դրական ներուժը փոխանցուած է նաեւ ինծի, անոր մասնագիտական աշխատելաոճը, մտերիմ զրուցավարի հմտութիւնը, հարցումներու ճամբով նաեւ վէրքերէս անդին ներաշխարհս թափանցելու եւ զգացումներս բաժնեկցելու ճիգը ամէն տեսակի պատնէշ կը քանդեն մեր միջեւ, եւ զայն իսկոյն մտերիմ կը դարձնեն ինծի, իր մօտեցումը այնպիսի զգացում կը հաղորդէ, որ այս պայքարին մէջ մենք միասին ենք, որ` իմ ցաւս նաեւ իրն է, ես մինակ չեմ: Հազիւ լռութիւն տիրէ, եւ ինք ամենայն ուշադրութեամբ աշխատանքը շարունակէ, իր ըսած` «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ» նախադասութիւնը կը տիրապետէ խառն մտածումներուս` անոնցմէ յոռին վանելով, մտահոգութիւններս ցրուելով, մանաւանդ որ բժիշկը կը վարուի այնպէս, որ կարծես ոչ մէկ հարցի դէմ յանդիման կանգնած է, ամէն բան դիւրին է եւ վերահսկելի, կարծես արեան հետ չէ իր «խաղը»…

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը իւրաքանչիւր լիբանանցիի, յատկապէս մօտակայ շրջանները ապրողներուն կեանքին մէջ պատմութեան դառն էջ մը մրոտեց, այդ ալ` թանձր սեւով… Իմ էջիս ընթերցումը աւարտելէ ետք կարգը կու գայ իրեն եւ հարցումիս պատասխանելով` կը պատմէ.

«Երբ պայթումը պատահեցաւ, կը գտնուէի հոս` բժշկական կեդրոնիս մէջ, կ՛աշխատէի հիւանդներէս մէկուն դէմքին վրայ, առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ իսկոյն վիրաբուժութեան սեղանին տակ մտնել` հիւանդին հետ միասին: Գալարուելու զգացում ունեցայ սկիզբը, չէի գիտեր` ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, պայթումին ժխտական ազդեցութիւնը զգալի էր, կարծես բան մը քեզ կը քաշէր, կարծես ուղեղիդ մէջ տարօրինակ բան մը տեղի կ՛ունենար, ամբողջ շէնքը կը ցնցուէր: Վայրկեաններ ետք յոգնութեան եւ վախի զգացումներ ունեցայ, տարօրինակ ցնցումի մէջ էի, կորսուած վիճակ կը տիրէր, մեր առաստաղներէն մէկը ինկած էր, անցքերը  քանդուած էին, ապակիները` կոտրուած:

«Իմ առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ նախ ընկալել ցնցումը, փորձ մը ընել հասկնալու տեղի ունեցածը. քարտուղարուհիս ուզեց տուն երթալ, որովհետեւ զաւակները կու լային, անոր տան ապակիները եւս փշրուած էին: Փորձեցի կարելի եղածին չափ պաղարիւնս պահել, որովհետեւ քանի մը վայրկեան կանգ առնելէ ու հանդարտելէ ետք պէտք էր շարունակէի եւ աւարտին հասցնէի վիրաբուժութիւնը: Անկէ ետք որոշեցի տուն երթալ, որովհետեւ տակաւին չէի հասկցած, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ:

«Տուն մեկնելու ճամբուս վրայ նկատեցի մարդիկ եւ ինքնաշարժներ, որոնք հակառակ ուղղութեամբ` դէպի Պէյրութ կը շտապէին, խենթ ու տարօրինակ վիճակ մը կը տիրէր: Երբ տուն հասայ, այն ատեն անդրադարձայ եւ գիտակցեցայ, թէ ի՛նչ պատահած է, որովհետեւ պատկերասփիւռի կայանները լուրը կը հաղորդէին, իսկ ընկերներս անդադար կը հեռաձայնէին` գիտնալու, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ եմ: Դժուար էր հաւատալ, սակայն իրականութիւն էր այն, որ նման ահաւոր պայթում մը հարուածած էր մայրաքաղաքն ու անոր բնակիչները:

«Պայթումին յաջորդ օրը գացի Պէյրութ եւ փորձեցի կրցածիս չափ օգնել մարդոց: Միւս օրը քարտուղարուհիս հեռաձայնեց եւ խնդրեց, որ երթամ ու տեսնեմ իր ընկերուհին, որ նաեւ իմ հիւանդներէս է: Այս կինը Միտըլ Իսթ հիւանդանոցը կը գտնուէր, անոր ամբողջ դէմքն ու մարմինը ապակիներով պատուած էին: Թէեւ հիւանդանոցը փորձած էին վէրքերը փակել, սակայն շատ արագ, հարեւանցի եւ վատ կերպով կատարուած էր ատիկա, կարերուն եւ կցիչներուն մէկ մասը վերցուցի, նորերը դրի. ցաւ ի սիրտ, այս կնոջ եղբայրը իր տան մէջ քնացած ատեն մահացած էր, ապակիները անոր վրայ ինկած էին: Շատ ողբերգական վիճակ էր, որ մեծապէս ազդեց իմ վրաս», պատմութեան առաջին էջը կ՛ամբողջացնէ տոքթ. Ճոն:

Լռութիւն… Իւրաքանչիւրս տարուած էր իր մտածումներով, կը վերապրէր պայթումի պահը, կը փորձէ հասկնալ, թէ եղածը իրակա՞ն էր, որովհետեւ անիկա մարդու ուղեղի ընկալման կարելիութենէն շա՜տ ու շա՛տ վեր է:

– Բայց ինչպէ՞ս որոշեցիր նման նախաձեռնութեան մը դիմել, ասիկա յանդուգն ու պատասխանատու քայլ է, նաեւ` դժուար…- կը հարցնեմ` ուզելով գիտնալ պատմութեան մնացեալ բաժինը:

«Անկէ ետք զգացի, որ մեծաթիւ մարդիկ կարիք ունին օգնութեանս, եւ որ` ես կրնամ եւ իսկապէս կ՛ուզեմ օգնել, մանաւանդ որ պայթումը յաջորդեց` ժողովրդային շարժումին, լայնածաւալ ցոյցերու, իրենց իրաւունքները պահանջող ցուցարարներուն ենթարկուած խոշտանգումներուն, ճամբաներու փակման, գործադուլներու, տնտեսական տագնապի հետզհետէ սաստկացման… Այս բոլորը արդէն իսկ ժողովուրդը բաւական ծանր ու յուսախաբ վիճակի հասցուցած էին, իսկ Պէյրութի պայթումը եկաւ աւելի եւս ծանրացնելու կացութիւնը:

«Վիրաւորներուն օգնելու գաղափարիս մասին առաջին անգամ խօսեցայ հօրս հետ, որ մեծապէս ողջունեց նախաձեռնութիւնս, բայց հարց տուաւ, որ արդեօք կարողութիւնը ունէի՞ բոլորին հասնելու, եթէ` այո՛, ուրեմն ուղղակի պէտք էր գործի անցնէի, այլապէս պէտք էր լաւապէս մտածէի, որովհետեւ այս քայլով շատ լայն դուռ մը կը բանայի եւ պէտք էր կարենայի ընդառաջել բոլոր անոնց, որոնք հոնկէ ներս մտնել պիտի ուզէին:

«Որոշեցի առնել այս քայլը եւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը տեղադրեցի` յայտնելով, որ կամաւորաբար պիտի օգնեմ իմ մասնագիտութեանս վերաբերող վիրահատութեան կամ այս ծիրին մէջ ամէն տեսակի օգնութեան կարիք ունեցող Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորներուն: Գրառումէն 6 ժամ ետք արդէն հեռաձայնի տարափը սկսաւ, մարդիկ սկսան ղրկել իրենց վէրքերուն լուսանկարները եւ խորհուրդս հարցնել: Մէկիկ մէկիկ ուսումնասիրեցի ամէն մէկ նկար, որպէսզի ճշդեմ, թէ որո՛նք պէտք է գան բժշկական կեդրոն. նոյն օրն իսկ սկսայ աշխատանքի», կ՛ըսէ բժիշկս` ամենայն հանդարտութեամբ իր աշխատանքը շարունակելով:

– Բաւական տեղ հասանք, բաւական լաւ է արդիւնքը, չմտահոգուիս, ի՛նչ լաւ ըրիր, որ եկար, այլապէս պիտի բարդանար վիճակը, շուրջ կէս ժամ ալ համբերէ, եթէ ցաւ զգաս, ուղղակի ըսէ, որպէսզի զգայազրկիչ սրսկեմ,- քիչ մը դադար առնելով կ՛ըսէ տոքթոր Ճոն` կարելի եղածին չափ մաքրելով դէմքիս վրայի աղտերը:

Ցաւեր ունիմ, բայց կ՛ամչնամ գանգատելու կամ նոյնիսկ արտայայտուելու, չէ՞ որ ան առաւելագոյնը կ՛ընէ լաւագոյն արդիւնքի համար: Քիչ մը ցաւին դիմանալն ալ իմ պարտքս սեպելով` «Լաւ եմ», կ՛ըսեմ եւ իմ կարգիս կը ժպտիմ` մտածելով, որ հիւանդանոցը ամբողջովին առանց զգայազրկիչի կարած կամ կցած էին բոլոր վէրքերս:

Հետզհետէ ցաւերս կը սաստկանան, կարծես ճակտի մորթս ուժգին կերպով կը քաշէ մէկը` երկու կողմերէն… Հազիւ կը պատրաստուիմ խօսիլ.

– Աւարտեցինք, շատ լաւ է ամէն ինչ, վստահաբար ցաւեր պիտի ունենաս, որովհետեւ մեծաթիւ կարով փակեցի վէրքերը, քեզի հիմա անհրաժեշտ ամէն դեղ կու տամ,- կ՛ըսէ բժիշկը եւ կ՛օգնէ, որ շտկուիմ:

Երախտագիտութեան արցունքներս անդադար եւ իմ կամքէս անկախ սկսան հոսիլ, կարծես կը պապանձիմ, իսկ տոքթ. Ճոյին ինքնաբուխ գիրկընդխառնումն ու կարեկցանքը աւելի եւս կը յուզեն զիս: Ես ալ կը փաթթուիմ իրեն եւ շնորհակալութեան յարմար խօսքեր կը փորձեմ գտնել` առանց յաջողելու: Կը կրկնէ, որ լաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ, պէտք է վէրքերը բաց մնան ալ, եւ որոշ ատեն մը ետք պարզապէս պէտք է քակենք զանոնք:

Անհրաժեշտ ցուցումները ստանալէ, դեղերով օժտուելէ ետք, բաժանման պահուն կրկին կը գրկեմ քանի մը ժամ առաջ օտար եղող բժիշկը եւ կը հեռանամ` կրկին չկարենալով արտայայտել ներաշխարհիս ալեկոծումը:

Կեանքին ու էութեանս մէջ տոքթոր Ճոյին ձգած դրոշմը արտայայտելու ունակ դարձայ վէրքերուս փակուելէն եւ կարերու քակուելէն օրեր ետք, երբ իրեն յղեցի հետեւեալ նամակը.

«Սիրելի՛ տոքթ. Ճօ,

Քու ունեցած դրական ոգիդ Աստուծոյ կողմէ նուէր է իսկական: Երբ առաջին անգամ եկայ քեզ տեսնելու, իսկապէս կ՛ամչնայի, երկմտանքի մէջ էի, սակայն զիս ընդունած ձեւդ, անմիջականութիւնդ, եղբօր նման մտերիմ մօտեցումդ ինծի տուին զօրութիւն եւ յոյս: Դուն չէիր սրբագրեր թերութիւններ ու սխալներ, որոնք արձանագրուեցան այս սեւ օրը, դուն չէիր բուժեր ու վերականգներ անբուժելի վիճակի մէջ ձգուած վէրքերը, այլ կը բուժէիր ու կը վերականգնէիր կեանքերը մարդոց, որոնք տեսան, թէ ինչպէ՛ս մահը կը շտապէ իրենց կողմը` զիրենք խլելու կեանքի ճիրաններէն, դուն գործ ունէիր այնպիսի մարդոց հետ, որոնք շատ բան կորսնցուցած էին եւ կը կարծէին, թէ այլեւս ոչ մէկ լաւ բան կրնայ պատահիլ իրենց: Եւ ահա դո՛ւն յայտնուեցար նմաններու կեանքին մէջ… Ցուցաբերեցիր գուրգուրոտ մօտեցում, անշահախնդիր նեցուկ, յոյսի ծիլեր սերմանեցիր անոնց արիւնող սրտերուն մէջ: Շատ դժուար է նման բան ընելը, բայց անպայման հերոսական է: Դուն հերոս ես, Աստուծոյ կողմէ ղրկուած նուէր մեծ թիւով մարդոց համար, որոնց օգնեցիր… Դուն ծանր մթութիւնը ճեղքեցիր եւ սպիտակ դրոշմ ձգեցիր:

Շնորհակալ եմ սրտիս խորերէն, քեզի կը ղրկեմ ժպիտ մը, որ կ՛ուրուագծուի այն դէմքիս վրայ, որ քու մատնահետքերդ կը կրէ…»:

ՆՈՐԱ

Մեր յառաջիկայ հանդիպումները մտերիմ ու հարազատ ընկերներու տեսակցութիւններ ըլլային կարծես, նաեւ առիթ` իր այս մարդկային նախաձեռնութեան մասին խօսելու, աւելի ճիշդ` իմ կողմէս ուղղուած հարցումներուն պատասխաններ ստանալու: Կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրցաւ 400 վիրաւորներ ընդունիլ իր մօտ եւ անոնց անհրաժեշտ խնամքը տրամադրել` միշտ չմոռնալով, որ մէկ այցելութեամբ ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, այլ տոքթոր Ճոն մօտէն կը շարունակէ հետեւիլ իւրաքանչիւր պարագայի:

«Առաջին քանի մը շաբաթներուն մեծաթիւ անձեր եկան օգնութիւն  խնդրելով, հարիւրաւորներ, կարելի է ըսել` անթիւ, տակաւին կան անոնք, որոնց փորձեցի օգնել թելադրանքներով, առցանց ցուցմունքներով եւ ուղղութիւններով, բացատրեցի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լաւագոյնս դարմանեն վէրքերը, անոնք, որոնք կարիք ունէին տեղւոյն վրայ միջամտութեան, հրաւիրեցի, որ գան, ստուգեցի բոլոր վէրքերը, որոնց մէկ մասը կրկին կարեցի` մաքրելէ եւ հարկ եղածը ընելէ ետք, ուրիշներու բուժման հետեւեցայ առցանց: Պայթումին պատճառած վէրքերը տարբեր աստիճանի էին, ապակիներուն կոտրիլն ու ցիրուցան ըլլալը բաւական աւեր գործած էին, ընդունեցի տարբեր աստիճանի, տարողութեան վէրքեր ունեցողներ, կարգ մը անձերու դէմքին վէրքերը այնքան խոր էին ու մեծ, որ ներքին օրկանները

կ՛երեւէին, ոմանք պայթումէն շաբաթներ ետք եկան միայն` բորբոքած եւ բաւական վատ վէրքերով. լաւապէս կը յիշեմ պարագան կնոջ մը, որուն մատին վէրքը այնքան բորբոքած էր, որ խորքին մէջ իմ մասնագիտութիւնս չէր զայն վիրաբուժութեան ենթարկելը, սակայն որոշեցի ընել եւ փրկել մատը: Խնդրեցի, որ գայ բաւական ուշ ժամու, երբ միւս հիւանդները մեկնած ըլլան, որպէսզի կարենանք անհրաժեշտ ժամանակը տրամադրել իրեն. եկաւ երեկոյեան ժամը 10:00-ին, ըրի գործողութիւնը եւ փրկեցի մատը, այլապէս բորբոքումը պիտի հասնէր ոսկորին, եւ մատը պիտի հատուէր:

«Դժբախտաբար կային պարագաներ, որոնց կարելի չեղաւ օժանդակել, որովհետեւ անդարմանելի վէրքեր կամ անդառնալի վնասներ ունէին: Ուրիշներ կը գտնուէին հիւանդանոցը եւ չէին կրնար գալ: Սակայն փորձեցի կարելի եղածին չափ օժանդակել անոնց հոգեպէս, զօրակցիլ` ընկերային ցանցերու միջոցով անոնց հետ կապ հաստատելով:

«Առաջին երկու-երեք ամիսներուն առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 անդադար աշխատեցայ պայթումէն վիրաւորուած առնուազն 15 հոգի ընդունելով ամէն օր, իսկ երեկոյեան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 2:00 կը ստուգէի ինծի

հասած նամակները եւ կը պատասխանէի անոնց, ուղարկուած վէրքերու նկարներուն հիման վրայ երբեմն ցուցմունքներ կու տայի, անթիւ նամակներ ստացայ, անոնց մէջ կային նաեւ շնորհաւորողներ: Առաւելագոյնս ըրի, որ ոչ մէկ նամակ անպատասխան ձգեմ, օրական հարիւրաւոր ե-նամակներու, ձայնային նամակներու, հարցումներու կը պատասխանէի, նաեւ կային ուղղակի հեռաձայն ընողներ, որոնց հետ ալ կը զրուցէի, մտիկ կ՛ընէի անոնց պատմութիւնները, կը փորձէի կարելի եղածին չափ օգնել: Ոմանք պարզապէս զիրենք լսողի կարիք ունէին…

«Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որպէսզի փորձեմ պատասխանել քու հարցումիդ, թէ քանի՛ անձի օժանդակեցի, որովհետեւ 400-ը թիւն է անոնց, որոնք եկան բժշկական կեդրոնս, սակայն հարիւրաւորներու փորձեցի օժանդակել տարբեր ձեւերով:

«Անկարելի է բացատրել, թէ ի՛նչ կը զգայի իւրաքանչիւր տխուր պատմութեան հետ, որովհետեւ անոնք պատմութիւններ են անձերու, որոնք իրենց ընտանիքը կորսնցուցին, տունն ու ընկերները կորսնցուցին, զաւակները կորսնցուցին հիւանդանոցներու մէջ, չկրցան զանոնք գտնել երկար ատեն, անբնական կերպով բաց վէրքեր ունեցողներու եւ անհրաժեշտ խնամք ստանալէ զրկուածներու

պատմութիւններն են: Պատմութիւններն են մարդոց, որոնք երկար ատեն փլատակներու տակ մնացին, ուրիշներ օրեր շարունակ անկարող եղան տեսնել կամ լսել` իրենց ապրած ցնցումին պատճառով, ոմանք իրենց հարազատները փնտռեցին բարձրայարկ շէնքերու իւրաքանչիւր յարկաբաժինի սեղաններուն տակ, ապակիներուն մէջ եւ փլատակներու կոյտերը փորելով: Անկարելի է գտնել բառեր, որոնք կ՛արտայայտեն զգացումներս, զորս ունեցայ` լսելով քովս եկած վիրաւորներուն պատմութիւնները եւ տեսնելով, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ էին: Խորքին մէջ ըրած վիրաբուժութիւններս չէին, որ յոգնութիւն կը պատճառէին, այլ օրական գոնէ 25-30 պատմութիւն լսելը, բոլորն ալ` տխուր եւ դառն:

«Բայց այս զօրաւոր ու ցնցող զգացումները կարեւոր էին ինծի համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատմութիւն յաւելեալ լիցքաւորում, յաւելեալ ներուժ, յաւելեալ բարկութիւն, յաւելեալ թախիծ, յաւելեալ մղում տուաւ ինծի` շարունակելու սկսած գործս, չյոգնելու եւ չընկրկելու, որովհետեւ իսկապէս շա՜տ շա՛տ զգացական էի այս բոլորին ի տես, իսկ այդ զգացումները վերանորոգ ուժ, կորով եւ վճռակամութիւն կու տային ինծի` գոյատեւելու, օրէ օր աւելցող վիրաւորներուն հասնելու եւ տուած որոշումս լիուլի յարգելու:

«Ես` իբրեւ գեղագիտական վիրաբուժ, պարտականութիւն ունիմ մեծ ու փոքր վիրաբուժութիւններ ընելու, որպէսզի մարդիկ աւելի գեղեցիկ ըլլան, սրբագրեն իրենց թերիները, իսկ զիս այս մասնագիտութեան տարաւ վերականգնողական վիրաբուժութիւնը, որուն կարիք ունէին գրեթէ բոլոր պայթումէն վիրաւորուածները», յուզուած ձայնով կը պատմէ տոքթոր Ճոն:

– Երբ ոճրագործներ միայն չարիք ու աւեր սփռեցին, դուն գեղեցիկն ու բարին փորձեցիր տարածել, իսկ ի՞նչ է ասոր հատուցումը, դուն տուիր քու անձէդ, նիւթականէդ, ներուժէդ, մասնագիտութենէդ, այս բոլորէն անդին ալ հոգիդ ցնցուեցաւ այդ բազում տխուր պատմութիւններով,- կը հարցնեմ:

«Վիրաւորուածներուն կողմէ ինծի նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտութիւնը արդէն ամէն յոգնութիւն կը մոռցնէ, իսկական գոհացում կը պատճառէ, իրական հատուցում են արդէն իսկ բուժուած անձերուն կողմէ ինծի նկատմամբ ցուցաբերուած այդ բիւրեղ զգացումները, որոնց մէջ միայն անկեղծութիւն կայ: Շատ գոհունակ ու հպարտ եմ, որ այս քայլին դիմեցի եւ այս աշխատանքը կրցայ գլուխ հանել, իսկ այդ փուլին իմ ունեցած ներուժս եւ կարողականութիւնս կը պարտիմ բազում աղօթքներու, ինծի նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատքին: Իսկապէս հսկայ գործ կատարելու ուժը ունեցայ, ինչ որ բացառիկ զգացում կ՛առթէ ինծի, չեմ կարծեր, թէ կեանքիս մէջ նման բան մը ընելու առիթ պիտի ունենամ կրկին: Անիկա մեծ տարբերութիւն ըրաւ ու դրոշմ ձգեց թէ՛ իմ կեանքիս մէջ եւ թէ կեանքին մէջ այն անձերուն, որոնք դիմեցին ինծի, որոնց կրցայ աւելի լաւ վիճակի մէջ դնել: Այս բոլորին համար իսկապէս շատ երախտապարտ եմ եւ ուրախ, որ կրցայ օգնել ինծի վստահողներուն:

«Շնորհակալ եմ ըսելը մեծագոյն եւ ամէնէն խորքային հատուցումն էր ինծի համար, որովհետեւ մարդիկ բառերով չէ, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէին, այլ ես կը զգայի երախտագիտութիւնը անոնց աչքերուն մէջ, ժպիտներուն տակ թաքնուած, սրտերուն խորերը: Ինծի յայտնուած շնորհակալութիւնները ոչինչով կարելի է փոխարինել, երախտագիտութեան զգացումները մեծագոյն գոհացում են ինծի համար, կան մարդիկ, որոնք կարողութիւնը չունին թերեւս այդ զգացումը արտայայտելու, սակայն տեսնելով, որ անոնք աւելի լաւ են, աւելի ուրախ ու գոհ են, հաշտ են իրենք իրենց անձին հետ, արդէն ես իրապէս լիովին վարձատրուած կը զգամ:

«Երբ պայթումը պատահեցաւ, եւ ես անդրադարձայ անոր գործած աւերին ահաւորութեան, մտածեցի, որ որեւէ տեսակի կարողութիւն ունեցող անձ պէտք է, իր մասնագիտութեան կամ կարելիութեան համաձայն, հասնի տուժածներուն, որովհետեւ ընկերային ծառայութեան հսկայական կարիք կար: Այդպէս ալ եղաւ, անոնք, որոնք կրնային սնունդ հայթայթել, շինարարական աշխատանք կատարել, փլատակները վերցնել, գործի լծուեցան, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները հասան ժողովուրդին: Կը հաւատամ, որ այդ ամէնէն դժուար փուլին լիբանանցիները ձեռք ձեռքի տուին, որպէսզի Պէյրութը կրկին կարենայ ոտքի կանգնիլ` թօթափելով աւերը: Ուստի, շնորհակալ ըլլալէն անդին, գոհացուցիչ է տեսնել, որ մարդիկ հակառակ իրենց ստացած ահաւոր հարուածին` կրցան շարունակել երթը, եւ կը յուսամ, որ մեր կատարածը կ՛օժանդակէ, որ Լիբանան վերագտնէ իր երբեմնի ինքնութիւնը»:

Բարի ու դրական մաղթանքով, լաւատեսութեան խօսքերով ու իրեն յատուկ ժպտուն նայուածքով կը փակէ մեր զրոյցը ինքն իրեն դժուար առաքելութիւն տուած ու ատիկա յաջողութեամբ իրականացուցած բժիշկը, որուն Աստուած պարգեւեց ուժ, կորով, համբերութիւն եւ խիզախութիւն` փոխելու կեանքը մարդոց, որոնք կը կարծէին, թէ այլանդակուած են, թէ` բնական ապրիլ պիտի չկարենան այլեւս, թէ` Պէյրութի պայթումին պատճառած ցաւը, վնասն ու վէրքերը պիտի ընկերակցին իրենց առյաւէտ: Երբ աւեր էր ամէնուրեք, ցաւ էր համատարած, անորոշութիւնն ու տխրութիւնը տիրական էին, հարիւրաւոր մարդոց կեանքին մէջ լոյսի նման փայլեցաւ հերոս բժիշկը` տոքթոր Ճօ Պարուտը` գործով ըսելու, որ պէտք չէ կորսնցնել հաւատքը, քաջութիւնը, յոյսը, լաւատեսութիւնը. իր ճկուն մատներով ան հաստատեց, որ վէրքերը բուժելու զուգահեռ, ինք օժտուած է մարդկային վեհ յատկութեամբ` նաեւ բուժելու ներաշխարհը բազում անձերու, որոնց հետ ան վերապրեցաւ եւ բաժնեկցեցաւ ամէնէն տխուր ու ցնցիչ վայրկեանները: Շատ բան կորսնցուցածներուն հետ զրոյցի ատեն ան միշտ կրկնեց, որ «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ» եւ իրեն դիմած վիրաւորներուն նուիրեց յանդգնութիւնը` հայելիին մէջ նայելու կրկին եւ շարունակելու հաւատալ, որ արժէ ապրիլ այս կեանքը, որովհետեւ հոն կան տոքթոր Ճոյին նման նուիրեալ հերոս անձեր…

Comments are closed.