Վարդանեան. Ընդդիմադիր դաշտին մէջ առողջ քննարկումներ կ’ընթանան
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարած է, որ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ այժմ առողջ քննարկումներ կ’ընթանան, որոնց արդիւնքները յառաջիկային աւելի յստակ պիտի դրսեւորուին։
Վարդանեան այսպէս արձագանգած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի կոչին, երբ ան ընդդիմադիր բոլոր ուժերը հրաւիրած էր համախմբուելու, ձեւաւորելու միասնական խորհուրդ եւ կազմակերպելու հանրահաւաք։
Պատգամաւորը ընդգծած է, որ «Հայաստան» դաշինքը դեռեւս նախընտրական շրջանին կարեւոր նկատած էր ընդդիմադիր ուժերու համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ ստեղծուած կացութիւնը կարելի չէ յաղթահարել մէկ ուժի կամ մէկ անձի ջանքերով։
«Ուրախ ենք, որ հիմա այդ ճանապարհով պիտի ընթանանք», ըսած է Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեանի գործողութիւններն ու հռետորաբանութիւնը եւս կը նպաստեն, որպէսզի ընդդիմութիւնը գիտակցի միասնական գործելու անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադառնալով Ազգային ժողովի վերջին նիստերուն ընդդիմութեան չմասնակցելու հարցին՝ Վարդանեան նշած է, որ այդ մէկը իրենց կողմէ ընտրուած մարտավարական մօտեցում է։ Ան նաեւ շեշտած է, որ իրենց քաղաքական ուժին համար առաջնայինը ոչ թէ առանձին ուժերու ստացած ձայներու համեմատութիւնն է, այլ ընդդիմադիր դաշտի ընդհանուր արդիւնքը եւ իւրաքանչիւր ընտրողի քուէն։