Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Գրիգոր Գույումճեան)

ՀՄԸՄ-ը իր լայնածաւալ գործունէութեամբ եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերով հայեցի եւ ազգային դաստիրակութիւն կը ջամբէ նորահաս սերունդին։ Միութիւնը անցեալէն ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ գալիք տասնամեակներուն՝ շնորհիւ անշահախնդիր եւ նուիրեալ անդամներուն, որոնք միութենական գիտակցութեամբ կ’աշխատին կանգուն պահել միութեան ջահը, զայն փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն։

Գանատայի տարածքին ՀՄԸՄ-ը կը գործէ վեց մասնաճիւղերով եւ երկու նորահաստատ միաւորներով։ Աշխոյժ գործունէութեամբ եւ ծաւալուն աշխատանքով ՀՄԸՄ-ը ներգրաւած է հազարաւոր երիտասարդներ եւ պատանիներ, որոնք կը ծառայեն սկաուտական կամ մարզական շարքերէն ներս։

Տասնամեակներ շարունակ անոնց ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքի առ ի գնահատական, անոնք կ’արժանանան ծառայութեան կամ արժանեաց շքանշաններու։

Առ այդ, Հորիզոնի մէջ պարբերաբար լոյս պիտի տեսնեն ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ շքանշանին արժանացած ՀՄԸՄ-ականներուն հակիրճ կենսագրականները եւ իրենց կողմէ տրամադրուած նկարները․ հաւատալով որ անոնց ծառայութիւնն ու նուիրումը խթան պիտի հանդիսանայ նորահաս սերունդին եւ օրինակ՝ հասնելու կատարեալին։

ԵՂԲ․ ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ծառայութեան (1993) եւ Արտակարգ (2018) շքանշանակիր

1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։

Երբ 9 տարեկան էի, հօրս թելադրանքով, որպէս գայլիկ, 1953-ին մաս կազմեցի Աղեքսանդրիոյ  (Եգիպտոս) «Կամք» մարմնամարզական ակումբին։

2.– Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։

Միութենական կեանքիս ամէնէն հաճելի եւ դաստիարակիչ դէպքը եղած է ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին առաջին մասնակցութիւնս։ Ծանօթացում, մթնոլորտ, զանազան մտայնութեան տէր քոյրեր եւ եղբայրներ, տարբեր երկիրներու աւանդութիւններ, նորութիւններ, շաղկապում, բաժանում եւ գեղեցիկ յիշատակներ։

3. Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։

Գայլիկութենէ սկսելով, անցած եմ սկաուտական շարքերը, հասնելով մինչեւ փոխ խմբապետի աստիճանին։ 13 տարեկանիս, մաս կազմած եմ կողովագնդակի եւ աթլեթիզմի կրտսեր դասակարգի խումբերուն։ Մասնակցած եմ, Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմակերպուած սկաուտական բանակումներուն, արշաւներուն եւ մարզական մրցաշարքերուն։ 1966 մարտին գաղթեցի Գանատա, Մոնթրէալ եւ իբրեւ աթլեթի մարզիկ մաս կազմեցի տեղւոյն ՀՄԸՄ «Կամք» մասնաճիւղին։

1970-ին մաս կազմեցի մասնաճիւղի յանձնախումբերուն եւ 1971-ին ընտրուեցայ վարչական։

1974-ին, երբ ՀՄԸՄ-ը համագաղութային կառոյցով օժտուեցաւ, ընտրուեցայ եւ մաս կազմացի Գանատայի առաջին Շրջանային խորհուրդին, մասնակցելով անոր նախապատրաստական աշխատանքերուն։ Այնուհետեւ, շարունակաբար մաս կազմեցի Մոնթրէալի վարչութեան, 1975-1978 վարելով ատենապետութեան պաշտօնը։ 1979-ին ընտրուեցայ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, յաջորդաբար մինչեւ 1987, ստանձնելով վարչութեան ատենապետութիւնը․ բացառութիւն եղաւ 1981 տարին, որովհետեւ Գանատայի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական կողովագնդակի Ա. մրցաշարքին առիթով, այդ տարի գանձապահի պաշտօնով մաս կազմեցի կազմակերպիչ յանձնախումբին։

1987-էն միչեւ 2005 մասնակցութիւնս բերի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած զանազան աշխատանքներուն, ժողովներուն եւ շրջանի ներկայացուցչական բոլոր ժողովներուն։ Յայտնեմ նաեւ, որ իբրեւ Գանատայի շրջանի պատգամաւոր, մասնակցած եմ 5 Պատգամաւորական ժողովներու, որոնք տեղի ունեցած են Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Լիբանանի մէջ։

4.Ի՞նչ  կը թելադրէք այսօր ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։

Նոր սերունդի տղաքն ու աղջիկները նախ պէտք է անպայման մաս կազմեն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, որպէսզի թրծուին գաղափարական դաստիարակութեամբ, սորվին օրինապահութիւն, կերտեն իրենց նկարագիրը եւ վերջապէս ունենան պատկանաելիութեան զօրաւոր զգացումը։

Երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներէն կ’ակնկալուի, գործնական աշխատանքով իրենց մասնկացութիւնը բերել ՀՄԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան, սորվածը փոխանցել յաջորդ սերունդին, սատարելու համար միութեան յառաջացման եւ վերելքին։

Ուրախութեամբ կ’ուզեմ յայատարարել, թէ երեք զաւակներս ալ մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի շարքերուն։

Հարցազրոյցը վարեց Հուրինան