Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Վահան Չալիքեան)

1998 Ծառայութեան եւ 2018 Արտակարգ շքանշանակիր

1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։

Ծնած եմ Հայաստան-Երեւան։ Յաճախած եմ Վաղարշ Վաղարշեանի անուան 80 միջնակարգի դպրոցը։ Սորված եմ մարզական համալսարանին մէջ եւ նախքան Գանատա հաստատուիլս երեք տարի աշխատած եմ Սպիտակ քաղաքի ոտնագնդակի Աւագ մարզիչ, Հայաստանի Ա. լիկային մէջ։

Տասը տարեկանիս անդամագրուած եմ ոտնագնդակի Արարատ խումբին, իսկ համալսարանի տարիներուն՝ համալսարանի խումբին։

1979-ին, երբ 26 տարեկան էի, Գանատայի մէջ մուտք գործեցի ՀՄԸՄ-ի շարքերը, որպէս մարզիկ եւ մարզիչ, ապա, ժամանակի ընթացքին ոտնագնադակի, ցանցագնդակի (volleyball) աղջկանց, կողովագնդակի (basketball) եւ Աթլեթիզմի մարզիչ։

2.- Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։

1979-ի  դեկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցայ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ժողովին, եւ ըստ օրէնքի եւ ընտանեկան կարգ ու կանոնին, հետս որպէս նուէր Հայաստանէն բերած համեղ կոնեակ մը տարի։ Բաւական լաւ եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մըն էր․ աւարտին համով-հոտով ըմպեցինք կոնեակը եւ բաժակներու կենացին ներքոյ հաճելի պահեր անցուցինք։

1980-ական թուականներուն Մոնթրէալի մարզական խաղերուն ընթացքին, ոտնագնդակի մրցումի խաղացողներէն Անդրանիկ Տէր Պետրոսեանի գնդակը goal արձանագրեց, ցաւօք իրաւարարը այդ goal-ը նկատի չառաւ եւ չեղեալ համարեց, Անդրանիկ նեղանալով շալկեց իրաւարարը, ձգեց բերդին մէջ ու ըսաւ «Հիմա դո՛ւն goal մտիր»։

3.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։

ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս, որպէս մարզիկ եւ մարզիչ, եղած եմ մարզական խորհուրդի ատենապետ։
1984-ին առաջին անգամ ընտրուեցայ վարչական եւ տարիներ ետք ստանձնեցի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։

Երկար տարիներ ծառայեցի որպէս  Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդի ատենապետ։ Կեդրոնական վարչութեան մարզական յանձնախումբի անդամ 4 տարի։

1999-ին Թորոնթոյի մէջ գործող բոլոր հայ մարզական կազմակերպութիւնները, կազմեցին մէկ յանձնախումբ, որուն ատենապետութիւնը եւ պատուիրակութեան պատասխանատուութիւնը ինծի վստահուեցաւ, որպէսզի ունենանք Թորոնթոյի մարզական զտեալ խումբեր եւ մասնակցինք համահայկական առաջին մարզական խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենար Հայաստանի մէջ։

4.- Ի՞նչ են ձեր թելադրանքը եւ մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։

Իմ ցանկութիւնս է, որ ամէն աշխատանք ի սպաս դնենք առաւել եւս բարելաւելու համար սկաուտական եւ մարզական անդամներուն թիւերը։

Իմ կարծիքով, ՀՄԸՄ-ը այն  կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ երիտասարդներուն կը ջամբէ՝ ազգային գիտելիքներ, հայեցի դաստիարակութիւն, ընկերասիրութիւն եւ բարեխղճութիւն։

Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻՆԱՆ