Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Արմէն Կէտիկեան)

1994-ին Ծառայութեան եւ 2018-ին Արժանեաց Շքանշանակիր

1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։

Ծնած եմ 1944-ին Հալէպ, Սուրիա։ Փոքր տարիքէս՝ հազիւ 3 կամ 4 տարեկան, ծնողքս զիս արձանագրեց ՀՄԸՄ-ի Գայլիկութեան շարքերուն։ Աւելի ուշ յստակ կը յիշեմ գայլիկական հաւաքներս, փոխ-վեցակապետի կամ վեցակապետի համար տուած քննութիւններս, կը յիշեմ նաեւ մեր խմբապետներէն եղբ. Վահէ Թիւթիւնճեանը եւ եղբայր Տիգրան Ժամկոչեանը եւ անոնց հետ կապուած յիշատակներս: Օրին մեծ թիւով գայլիկներ Գայլիկութենէն Սկաուտական շարքերը անցան, եւ կազմուեցաւ Սկաուտական «Ձի» խումբը, խմբապետական կազմ ունենալով եղբայրներ՝ Անդրանիկ Աւընեանն ու Անդրանիկ Սիւլիւքճեանը: Աւելի ուշ գիտելիքներու պաշարս աւելնալով, ստացայ «Առաջնորդ»ի աստիճան: Երբ նոր գայլիկներու փոխանցում պիտի ըլլար, Սկաուտական նոր «Աքլոր» խումբը հիմնուեցաւ, որուն փոխ խմբապետի պաշտօնը ինծի վստահուեցաւ: Այդ տարիներուն նաեւ փորձած եմ մաս կազմել ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ինչպէս նաեւ կողովագնդակի (պասքէթպոլի) խումբին:

1961-ին սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս Հալէպի մեր կազմակերպութիւններուն հանդէպ եղած հալածանքներուն որպէս արդիւնք, ստիպուեցանք ընտանեօք ձգել Հալէպը եւ հաստատուիլ Լիբանան, որմէ ետք՝ 1968-ին հաստատուեցայ Թորոնթօ, Գանատա:

2.- Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։

Սկաուտական կեանքիս ընթացքին ունեցայ շատ յիշատակներ, սակայն դրուագ ներկայացնելէ աւելի կ’ուզեմ յիշատակել այն արժէքաւոր ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները, որոնց հետ ծանօթացայ, ընկերացայ եւ շատ բան սորվեցայ.

Պատիւը ունեցայ ճանչնալու եւ իրենց հետ քաղցր յիշատակներ ունենալու, միութեան հիմնադիր անդամներէն Տիգրան Քհն. Խոյեանին, Նահանակ մեր Կեդրոնական առաջին վարչութեան ատենապետ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանին, որ յաճախ կ’այցելէր Գանատա եւ կը մասնակցէր Շրջանային վարչութեան լիագումար ժողովներուն. եղբայրներ՝ Դանիէլ Դանիէլեանին, Լուտեր Մասպանաճեանին, Միսաք Արզումանեանին, Գառնիկ Մկրտիչեանին, Միհրան Շիմշիրեանին, Գարլոս Սեֆէրեանին եւ շատ շատերու:

3.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։

1974-ին առաջին անգամ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի անդամական ժողովին կողմէ ընտրուեցայ վարչական անդամ եւ ստանձնեցի ատենադպրութեան պաշտօնը: Տարիներու ընթացքին զանազան աշխատանքներու մասնակցութիւնս բերած եմ, որպէս վարչական անդամ, ատենապետ, Մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ, Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ եւ այլն:

Առաջին անգամ ընտրուած եմ Գանատայի Շրջանայինի վարչական 1980-81 տարեշրջանին: Երկար տարիներ մաս կազմած եմ Շրջանային վարչական կազմերուն, որպէս ատենադպիր: Մասնակցած եմ Գանատայի Շրջանային ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներու, ինչպէս նաեւ 1983-էն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի եօթը Պատգամաւորական ժողովներու եւ չորս Միջ-Դիւանային խորհրդաժողովներու:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 9-րդ ժողովին, 2007-ին, Ծաղկաձոր, ընտրուեցայ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, 4 տարուան ժամանակաշրջանով, եւ 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին, 2011-ին, դարձեալ Ծաղկաձոր, վերընտրուեցայ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նոյնպէս 4 տարուան ժամանակաշրջանով:

Իմ միութենական տարիներու աշխատանքներուս որպէս գնահատանք, 1994-ին Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցայ ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան շքանշանով, իսկ 2018-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ստացայ ՀՄԸՄ-ի Արժանեաց շքանշանը:

4.- Ի՞նչ են ձեր թելադրանքներն ու մաղթանքները ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։

ՀՄԸՄ-ը հայեցի դաստիարակութեան, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան ԴՊՐՈՑ է. կարդացէք մեր Սկաուտական շարքերու Գայլիկի Վոհմակի օրէնքը, Արիին եւ Արենոյշին Խոստումը եւ դաւանանքը եւ Երէց Սկաուտին եւ Պարմանուհիին Երդումը, ինչպէս նաեւ Մարզիկին խոստումը եւ կը համոզուիք, թէ որքա՛ն կարեւոր կազմակերպութիւն է ՀՄԸՄ-ը եւ ի՛նչ մեծ դեր կը խաղայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Իմ մաղթանքս է, որ մեր հայ ծնողները առանց վարանելու յանձնեն իրենց զաւակները ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ ես աչքերովս տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս նախկին մարզիկներ եւ սկաուտներ իրենց զաւակները կը բերեն եւ կ’արձանագրեն ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, վստահելով անոր հայկական տաքուկ եւ ապահով մթնոլորտին:

Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻՆԱՆ