Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի«Հայ մտքի բարեկամներ»-ը կազմակերպեցին «Թանաք եւ դանակ» խորագրով ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած հանդիպում


Ապրիլը հայ ժողովուրդին համար յիշատակի եւ վերանորոգման ամիս է․ մէկ կողմէ կ’ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը, իսկ միւս կողմէ կը վերահաստատենք մեր պայքարի ուխտը՝ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Երբ կը խօսինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անխուսափելի է անդրադառնալ 1915 թուականի Ապրիլ 23-ի գիշերուան, երբ ձերբակալուեցան եւ յետոյ դաժանաբար սպաննուեցան մեր բազմաթիւ գրողներն ու մտաւորականները։

Այս առիթով, Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը կազմակերպեց «Հայ մտքի բարեկամներ»-ու երրորդ հանդիպումը՝ «Թանաք եւ դանակ» խորագրով։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ։ Երեկոն նուիրուած էր ո՛չ միայն նահատակուած գրողներուն եւ մտաւորականներուն յիշատակին, այլ նաեւ անոնց, որոնք հրաշքով վերապրեցան եւ իրենց ստեղծագործութեամբ շարունակեցին ապրեցնել հայ միտքը։

Մասնակիցներուն շարքին էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Վանգուվըրի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» մասնաճիւղի պատանիները եւ «Հայ մտքի բարեկամներ»-ը:

Երեկոյի հաղորդավար Հեղինէ Արամեանը ներկայացուց խումբ մը հայ նշանաւոր մտաւորականներու կեանքն ու վաստակը՝ ընդգծելով, թէ անոնք ինչպիսի դեր ունեցած են մեր ազգային ինքնութեան կերտման մէջ։ Անոնցմէ յիշատակուեցան Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթօ, Գրիգոր Զօհրապ եւ ուրիշներ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերապրած այն մտաւորականներուն, որոնք, չնայած իրենց մանկութեան կամ պատանեկութեան տարիներուն ապրած սարսափելի Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան, կրցան վերակենդանացնել ստեղծագործ ուժը եւ փոխանցել իրենց վէրքերը՝ որպէս յիշողութիւն եւ պատգամ։ Անոնցմէ յիշատակուեցան Կոմիտաս Վարդապետ, Երուանդ Օտեան, Արամ Հայկազ եւ Անդրանիկ Ծառուկեան, որոնք կը պատկանին այդ սերունդին։
Երեկոյին յատուկ շունչ տուին նաեւ մեր պատանիները, որոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ձեռնարկին, ասմունքելով եւ ներկայացնելով հատուածներ նշուած հեղինակներու գործերէն։ Անոնք իրենց ներկայութեամբ եւ խօսքով վերահաստատեցին, որ պատրաստ են շարունակելու իրենց նախնիներու ուղին՝ հաւատարիմ մնալով հայ լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն։

Ծրագրին երկրորդ բաժինին, ընկ. Վիգէն Գոչեանը վարեց կարճ, բայց բովանդակալից զրոյց մը՝ հայ մտաւորականներու մնայուն արժէքներուն եւ գաղափարներուն մասին։ Հոգեւոր հովիւը՝ Հայր Վարդանը, իր հերթին հարստացուց զրոյցը իր խորիմաստ անդրադարձներով:

Հաւաքը փակուեցաւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութեամբ, որուն տողերը կը յուշեն, թէ հայ ժողովուրդը օր մը անպայման պիտի հասնի իր սրբազան լերան կատարին։

Մեղրիկ Սիւլահեան
«Հորիզոն»