Սկիզբ առաւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը

Այսօր պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը։ Ընտրապայքարին կը մասնակցին 17 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք՝ փորձելով շահիլ շուրջ 2.5 միլիոն ընտրողներու վստահութիւնը։

Քուէաթերթիկներուն վրայ ներկայացուած քաղաքական ուժերն են՝ Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն, «Բոլորին դէմ եմ» ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինք, Հայաստանի Շնորհապետական կուսակցութիւն, «Նոր ուժ» կուսակցութիւն, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն, «Քոչարի ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք» կուսակցութիւն, Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն, Քրիստոնիայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութիւն, «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութիւն, «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւն, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք, «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւն եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն։

Քարոզարշաւը պիտի տեւէ մէկ ամիս, իսկ վերջին օրը սահմանուած է յունիս 5-ը։