Սիրանուշ Սահակեան՝ Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին. «Կատեգորիկ հերքումը ապացոյց չէ»

ԵՐԵՒԱՆ — ՄԻԵԴ-ի առջեւ հայ գերիներու շահերը ներկայացնող իրաւապաշտպան եւ Հայ Իրաւական Կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սիրանուշ Սահակեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սաբինա Ալիեւայի աշխատակազմի յայտարարութեան՝ նշելով, որ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Ումբակի բանտին մէջ պահուող միւս հայ բանտարկեալներուն վերաբերող շարք մը հարցեր մնացած են անպատասխան։

Սահակեան նշեց, որ յայտարարութիւնը չ’անդրադառնար տեսազանգերու բացակայութեան, ընտանիքներու հետ տեսակցութիւններու, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի կանոնաւոր այցելութիւններու, նամակներու եւ ծանրոցներու ստացման, հիւպատոսական հասանելիութեան, ինչպէս նաեւ Վերոնիկա Զոնաբենդի առաջարկած մարդասիրական այցելութեան վերաբերող հարցերուն։

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին ներկայացուցած պատասխանները փաստաթուղթերով եւ այլ ապացոյցներով չեն հիմնաւորուիր։ Սահակեան ըսաւ, որ Ռուբէն Վարդանեան բազմիցս փորձած է իրաւաբանական ծառայութիւն ստանալ, իսկ տեղացի փաստաբանին քանի մը անգամ մերժուած է անոր հետ հանդիպելու արտօնութիւնը։

Սահակեան յայտնեց նաեւ, որ յունիսէն օգոստոս առնուազն վեց գրաւոր դիմում ներկայացուած է Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին՝ բժշկական քննութիւններու, տեսազանգերու, ընտանիքի հետ տեսակցութիւններու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ, սակայն անոնք մնացած են անպատասխան։

«Կատեգորիկ հերքումը, որքան ալ վճռական ըլլայ, ապացոյց չէ», եզրափակեց Սահակեան՝ կոչ ուղղելով հրապարակելու հայ բանտարկեալներուն վերաբերող հեռաձայնային կապի, այցելութիւններու, իրաւաբանական ծառայութիւններու եւ հասանելիութեան համապատասխան արձանագրութիւնները։