Սամուէլ Կարապետեան․ «Հայաստանի մէջ փոքրիկ Արցախ պիտի ստեղծենք»
- (0)

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար եւ վարչապետի թեկնածու Սամուէլ Կարապետեան արցախցիներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի «փոքրիկ Արցախ», ուր արցախահայութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ պահպանելու իր մշակոյթն ու ինքնութիւնը։
Կարապետեան շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը արցախցիներուն համար Հայաստանի մէջ արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելն է, միաժամանակ նշելով, թէ դիւանագիտական ճամբով պիտի շարունակուին ջանքերը՝ ապահովելու արցախցիներու անվտանգ վերադարձը հայրենիք։
Անդրադառնալով Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն՝ ան ըսաւ, թէ անոնց վերադարձը պիտի դառնայ կառավարութեան հիմնական հարցերէն մէկը։ «Հոն իմ ընկերներս են, եւ ես իրաւունք չունիմ այդ հարցը մեր կառավարութեան գլխաւոր հարցը չդարձնելու»,– յայտարարեց ան։
Սփիւռքի մասին խօսելով՝ Կարապետեան նշեց, թէ այդ հարցը իր համար ամենացաւոտ թեմաներէն մէկն է։ Ան ընդգծեց, որ Սփիւռքի զանգուածային վերադարձ կարելի պիտի չըլլայ, քանի դեռ Հայաստանի մէջ չեն ստեղծուած բարեկեցիկ ու աղքատութենէ զերծ պայմաններ։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Արցախի ԱԺ նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։