Սաղաթէլեան. Ծառուկեանի դէմ գործողութիւնները քաղաքական վրեժխնդութիւն են

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները որակեց քաղաքական վրեժխնդութիւն եւ հալածանք՝ յայտարարելով, որ իշխանութիւնները կը փորձեն սահմանափակել ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու գործունէութիւնը։

Սաղաթէլեան այս մասին յայտարարեց Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին առջեւ, ուր կը քննուէր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը։

«Մարդոց լիազօրագրերը գողցան՝ շուրջ 60 հազար քուէ, իսկ հիմա այս ճանապարհով կը փորձեն հետապնդել եւ սահմանափակել քաղաքական ուժին գործունէութիւնը», ըսաւ Սաղաթէլեան՝ դիտել տալով, որ Նիկոլ Փաշինեան կը ձգտի երկրին մէջ հաստատել միանձեայ իշխանութիւն՝ գիտակցելով, որ զուրկ է օրինականութենէ։

Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու հալածանքով իշխանութիւնը կը փորձէ վերացնել դիմադրութեան օճախները եւ իրականացնել արտաքին գործընկերներուն տուած խոստումները։ Սաղաթէլեան անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական, հասարակական եւ մտաւորական շրջանակներու համախմբումը՝ «համակարգուած եւ հաստատութենական դիմադրութիւն» կազմակերպելու եւ քաղաքական փոփոխութեան հասնելու համար։

Անդրադառնալով խորհրդարանական լիազօրագրերը ստանձնելու որոշումին՝ Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ այդ քայլը չի նշանակեր փողոցային պայքարէն հրաժարում։ «Ե՛ւ հանրահաւաքներ պիտի ըլլան, ե՛ւ փողոցային պայքար։ Հարցն այն է, թէ երբ, ի՛նչ կառուցուածքով եւ ի՛նչ ուժերով։ Այդ քննարկումները կը շարունակուին», ըսաւ ան։

Սաղաթէլեան նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ ազգային մտածողութիւն ունեցող եւ թուրք-ատրպէյճանական օրակարգը չսպասարկող անձերը հետապնդման վտանգի տակ են։ Անոր համաձայն՝ իշխանութիւններուն քաղաքականութեան հետ չհաշտուող գործարարները եւս կրնան թիրախաւորուիլ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ քաղաքական գործունէութեամբ կը զբաղի՞ն, թէ ոչ։