Սաղաթէլեան՝ Մաքրոնին. հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները ձեր եւ Փաշինեանի «պատմական ձեռքբերում»ը չէ
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի վերջին յայտարարութիւններուն՝ շեշտելով, թէ հայ-ֆրանսական ջերմ ու եղբայրական յարաբերութիւնները չեն կրնար ներկայացուիլ իբրեւ Մաքրոնի եւ Նիկոլ Փաշինեանի «պատմական ձեռքբերում»։
Սաղաթէլեան նշած է, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները տարբեր առիթներով, ներառեալ պետական այցելութիւններու համար, բազմիցս այցելած են Հայաստան, եւ այսօրուան յարաբերութիւնները տասնամեակներու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են։ Ան ընդգծած է, թէ այդ ժառանգուած ամուր եւ ջերմ կապերը Մաքրոնը եւ Փաշինեանը կը փորձեն ոչ միայն սեփականաշնորհել, այլ նաեւ աղաւաղել։
Սաղաթէլեան նաեւ խստօրէն քննադատած է Մաքրոնի այն բնորոշումը, ըստ որուն 2018-էն առաջ Հայաստանը պարզապէս եղած է ռուսական «արբանեակ»՝ զայն որակելով ոչ միայն վիրաւորական, այլեւ անընդունելի։ Ան նշած է, որ նման գնահատականներ կը ծառայեն աշխարհաքաղաքական շահերու եւ չեն արտացոլեր իրականութիւնը։
Սաղաթէլեան աւելցուցած է, թէ Հայաստանը արդէն բաւարար խնդիրներ ունի, եւ եթէ Ֆրանսան իսկապէս կը գնահատէ երկու ժողովուրդներու երկարամեայ բարեկամութիւնը, ապա աւելի նպատակայարմար է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել գործնական քայլերով, այլ ոչ թէ Հայաստանը վերածել աշխարհաքաղաքական բախումներու թատերաբեմի։
Աւարտին, ան շեշտած է, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի Հայաստանը երբեք չդառնայ որեւէ երկրի, մանաւանդ՝ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի, արբանեակը։