Սահմանադրական դատարանը կը շարունակէ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող դիմումներու քննութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Սահմանադրական դատարանը չորրորդ օրն ըլլալով կը շարունակէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումներու քննութիւնը։ Դիմողները արդէն ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները, իսկ պատասխանող կողմը՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիրը» եւ իրաւապահ կառոյցները, նոյնպէս արտայայտած են իրենց տեսակէտները։ Ներկայիս դատաւորները հարցումներ կ՚ուղղեն կողմերուն։
Նիստէն առաջ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան լրագրողներուն յայտարարեց, թէ ընտրական գործընթացին ընթացքին արձանագրուած թերութիւնները չեն ազդած ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն վրայ։
Քննութեան ընթացքին դատաւոր Էդգար Շաթիրեան հարցեր ուղղեց «Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանին՝ այն երկու ընտրատեղամասերուն վերաբերեալ, ուր քուէարկութիւնը շարունակուած էր տեղամասերու փակուելէն ետք՝ զինուորներու մասնակցութեամբ։ Վարդեւանեան նշեց, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ունէր բոլոր հնարաւորութիւնները նման երեւոյթը կանխելու, սակայն չէ ըրած այդ մէկը։
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Օրբելեան եւս պնդեց, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պարտաւոր էր վերաքուէարկութիւն կազմակերպել անվաւեր նկատուած ընտրատեղամասերուն մէջ, եւ միայն այդ հանգամանքը բաւարար էր ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու համար։
Քննարկուեցաւ նաեւ նախընտրական քարոզարշաւի կոշտ հռետորաբանութեան հնարաւոր ազդեցութիւնը ընտրողներու ազատ կամարտայայտութեան վրայ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչ Սուրէն Գրիգորեան պնդեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խիստ արտայայտութիւնները ուղղուած էին քաղաքական ընդդիմախօսներուն եւ ոչ թէ ընտրողներուն։ Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան իր կարգին ըսաւ, որ պէտք է տարբերակել ատելութեան խօսքը, քարոզչութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւնը։
Նիստին լարուածութիւն ստեղծուեցաւ, երբ դատաւոր Սեդա Սաֆարեան դիմող ուժերէն պարզաբանում պահանջեց Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն հնարաւոր ազդեցութեան մասին։ Արամ Օրբելեան հակադարձեց՝ կոչ ընելով դադրեցնել երեք ընդդիմադիր ուժերու նոյնացումը, իսկ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ նման հարցադրումներն իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ կրնան մեկնաբանուիլ գործող իշխանութիւններուն ցուցաբերուած աջակցութեան դիտանկիւնէն։
Սահմանադրական դատարանը ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող դիմումներուն վերաբերեալ իր որոշումը պէտք է հրապարակէ ամենաուշը յուլիս 4-ին։ Օրէնքով դատարանը կրնայ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը թողուլ անփոփոխ, կամ անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները եւ սահմանել հետագայ ընթացակարգը։