Ռուսիան Հայաստանին առաջարկած է 100 տարուան ծառայողական կեանքով հիւլէական կայան
- (0)

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ-ի չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկին յայտարարած է, թէ Մոսկուա Հայաստանին առաջարկած է մեծ հզօրութեամբ նոր հիւլէական կայանի նախագիծ մը, որ կրնայ գործել մինչեւ 100 տարի։
Քալուկինի համաձայն, ռուսական «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութիւնը ներկայացուցած է նախագիծ մը, որ, «եթէ հայկական ղեկավարութիւնը ցուցաբերէ անհրաժեշտ քաղաքական կամքը», պիտի կարենայ տասնամեակներով ապահովել Հայաստանի ուժանիւթի պահանջները։
Ան նաեւ նշած է, թէ նոր կայանը պիտի նպաստէ աւելի մատչելի ելեկտրական սակի ապահովման, ինչ որ իր կարգին պիտի խթանէ Հայաստանի արդիւնաբերական զարգացումը։
Ռուս պաշտօնատարը ընդգծած է, թէ Ռուսիա հիւլէական արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ համաշխարհային առաջատարներէն մէկն է եւ պատրաստ է իր փորձառութիւնն ու կարողութիւնները փոխանցելու Հայաստանին։
Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք ապրիլ 2-ին զգուշացուցած էր, թէ Հայաստան կրնայ ուժանիւթի վերաբերեալ լուրջ խնդիրներ դիմագրաւելլ, եթէ մինչեւ 2026-ի աւարտ որոշում չկայացնէ նոր հիւլէակայանի կառուցման վերաբերեալ։
Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Հայաստան կը դիտարկէ տարբեր առաջարկներ՝ ընտրելու համար երկրի շահերուն ամէնէն նպաստաւորը։ ԱՄՆ փոխ նախագահն ալ, փետրուարին Երեւան այցելութեան ընթացքին, նշած էր, թէ ամերիկեան կողմը կը նախատեսէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ մատակարարել փոքր չափի հիւլէական բարդ (Small Modular Reactors)։