Ռուսաստան ներկայացուց հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի ներմուծումը վերսկսելու պայմանները

ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը ներկայացուց Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքի ներմուծումը վերսկսելու հիմնական պայմանները՝ շեշտելով արտադրանքի անվտանգութեան, քիմիական նիւթերու վերահսկողութեան եւ մատակարարումներու լիարժէք հետագծելիութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։

Նախարարութեան համաձայն՝ հայ արտադրողները պէտք է օգտագործեն տեղական հումք եւ պահպանեն սահմանուած պարտադիր չափանիշները։ Այս հարցերը քննարկուած են Ալմաթիի մէջ՝ ԵԱՏՄ գիւղատնտեսական քաղաքականութեան խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ, Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարար Օքսանա Լուտի եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի հանդիպման ընթացքին։

Ռուսիա վերջին ամիսներուն աստիճանաբար սահմանափակումներ հաստատած էր Հայաստանի շարք մը գիւղատնտեսական ապրանքներու ներմուծման նկատմամբ՝ ներառեալ ծաղիկներ, բանջարեղէն, միրգ, խաղող եւ այլ արտադրանքներ։ Յունիսէն կասեցուած է նաեւ կենդանի ձուկի եւ ձկնամթերքի հաւաստագրումը, իսկ յուլիս 27-էն սահմանափակուած է հայկական կաթնամթերքի ներմուծումը։