Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանին եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանքուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ Պրիթիշ Քոլոմպիայի Հայկական Միացեալ յանձնախումբին՝ հինգշաբթի, 23 ապրիլի յետմիջորէին, Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։
Ձեռնարկին մասնակցեցան նահանգային պաշտօնատարներ, Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Վանքուվըրի Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան, համայնքային ներկայացուցիչներ, ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։ Ներկայ էին նահանգային նախարար Ատրիան Տիքս, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ռիան Կասփըր եւ Ռապ Պոթըրել։
Արտասանուած խօսքերու ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումէն անդին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի հայաթափման եւ այնտեղ տեղի ունեցած փաստացի ցեղասպանութեան, նշելով, որ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած տառապանքները չաւարտեցան 1915-ին, այլ կը շարունակուին առ այսօր։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրամայականին՝ յատկապէս վկայակոչելով վերջերս Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերումը։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանքուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Մհեր Ասայեան եւ Սեզա Քորաճեան իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին երիտասարդութեան դերակատարութիւնը՝ յիշողութեան պահպանման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։
Ապա, Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան հանդէս եկաւ մեներգով։
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի դրօշներու բարձրացմամբ։






