Պետութեան մը գործը
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
– Դուք պետութեան մը գործը կը կատարէք։
Վերյիշեցի հիացումով արտայայտուած այս խօսքը երբ ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Հաճէթեան մարզասրահին մէջ ներկայ եղայ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական տարեկան հաւաքին։
Այդ անսխալ ու արդար վկայութիւնը ես անձամբ լսեցի 1981-ի ամռան Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցող ու Խ. Հայաստանի նուիրուած ցուցահանդէսի պատասխանատու մարմինի ղեկավար Ցոլակ Բադալեանի բերնէն, երբ ընկերակցութեամբ նոյն մարմինի կուսակցական ղեկավար Րոբերտ Սարգսեանի, քովս նստած, կը հետեւէր ՀՄԸՄ-ի առաջին համահայկական խաղերու, այս պարագային՝ զամբիւղագնդակի, 5 յուլիսին կայացող փակման հանդիսութեան*։ Երկուքն ալ սքանչացած էին, թէ ինչպէս կրցած էինք աշխարհի տարբեր կողմերը այդքան խումբեր ունենալ ու զանոնք նման հանդիպումի մը համախմբել։
Պետութեա՛ն մը գործը…
Մոնթրէալի ներկայ հաւաքը, իր տարողութեամբ, կարելի չէ համեմատել 40 տարի առաջ տեղի ունեցած այդ առաջին համահայկական խաղերուն հետ, սակայն իր տեղական հանգամանքով հանդերձ ան չէր կրնար, գէթ ինծի համար չյառաջացնել այս վերյիշումը։
Ի վերջոյ, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան աշխարհատարած ընտանիքին մէկ մասնիկին ձեռնարկն էր, ուր տեղի պիտի ունենային սկաուտական տարբեր խումբերու անդամներուն տարիքային յաջորդ խումբին փոխանցումը, նոր պաշտօններու յայտարարութիւնը, երկարամեայ ծառայողներու եւ յատուկ քննութիւններ յաջողութեամբ անցուցած անձերու մրցանակներու տուչութիւնը։ Սակայն զանցառելի չէր կազմակերպական այն ջանքը, որ կատարուած էր իրագործելու համար այս հաւաքը։ Գանատայի ընդհանուր, ոչ միայն հայկական առումով երկրորդ մեծագոյնը հանդիսացող Մոնթրէալի սկաուտական մեր կազմակերպութիւնը անհրաժեշտաբար ստիպուած էր մեծ ճիգ թափել բազմահարիւր այդ երկսեռ պատանիներն ու երիտասարդները շարք առ շարք մարզասրահ բերելու, կանխամտածուած ձեւով դաշտին վրայ տեղաւորելու եւ խումբ առ խումբ հրապարակ հանելու եւ իրենց բաժինը ներկայացնելու համար։ Այս ամենը՝ առանց վրիպումի, առանց անակնկալ անհաճոյ որեւէ միջադէպի՝ ներկայ ծնողներուն, մեծծնողներուն ու պաշտօնական հիւրերուն ուշադրութիւնը միշտ առգրաւուած։
Պետութեան մը գործը…
Այդ ձեռնարկը ի հարկէ մէկն էր մասնաճիւղի այս տարուան սկաուտական եւ մարզական բազմաթիւ ձեռնարկներէն՝ շաբաթական հաւաքոյթներու, պտոյտներու, բանակումներու, վարժանքներու, մրցոյթներու կարգին եւ համագանատական ու համահայկական նախաձեռնութիւններու մասնակցութեան կողքին։
Հայրենի մեր հիւրերը այն ատեն «կը կատարէք» ըսելով չէին ակնարկեր պարզապէս ՀՄԸՄ-ին։ Կ՚անդրադառնային այն ոգիին, որ կը զսպանակէր ոչ միայն ՀՄԸՄ-ը։
Իրապէս, մեր կատարած այս «պետութեան գործը» չի սահմանափակուիր մարմնակրթանքով։ Ան կը տարածուի հայ կեանքի տարբեր մարզերուն վրայ՝ կրթական, մշակութային-կրօնական, ընկերային ու քաղաքական՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող կազմակերութիւններու տեղական, շրջանային ու համահայկական մակարդակներով՝ վարչութիւններու, յանձնախումբերու եւ անդամներու շարունակական, մեղուաջան աշխատանքով։ Ամենուրեք։ Ի սփիւռս եւ ի Հայաստան աշխարհի։ Տարիներէ ի վեր, տասնամեակներէ ի վեր, արդէն աւելի քան դարէ մը ի վեր։
Պետութեան մը գործը…
Այլապէս, իրապէս ինչպէ՞ս դիմացանք, ինչպէ՞ս վերապրեցանք ու ապրեցա՛նք, ինչպէ՞ս պահեցինք մեր երազը, ինչպէս վառ մնաց մեր տեսիլքը՝ միշտ Սփիւռքի ու Հայրենիքի մէջ, նոյնիսկ կազմակերպական ներկայութեան արգիլման պայմաններուն մէջ։
Անկասկած ամեն բան կատարեալ չէ եղած, թերացումներ ու սխալներ ալ եղած պիտի ըլլան ու դեռ կրնան ըլլալ։ Սակայն միայն անգործութեան մէջ ատոնք տեղի չեն ունենար։
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ պետութեան գործ։ Ի՞նչ կը բովանդակէ ան։
Կը նշանակէ տէր կանգնիլ հողին, տէր կանգնիլ երազին, տէր կանգնիլ անցեալին ու ծրագրել ու հետապնդել ապագան։
Հետաքրքրական է, որ Բադալեան չէ՛ ըսած «կատարեր էք», այլ՝ «կը կատարէք»։ Ներկայ ժամանակի գործածութիւնը տարբեր իմաստ մը կու տայ։ Կարծէք շարունակել կատարելու ցուցմունք մը։ Հրահանգ մը նոյնիսկ։
Եւ ահա ա՛յդ է, որ մտահան հանելու չենք։
Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի այդ այնքան սովորական նկատուած, ամեն տարի առաւել կամ պակաս շքեղութեամբ իրականացուող ձեռնարկը մեզի կրնայ յիշեցում մը կատարել, որ մենք պարտաւոր ենք մնալ պատնէշի վրայ։ Եւ սա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայ դատի հետապնդում։ Մեր ինքնութեան տէր կանգնելու հետապնդում։ Մեր իրաւունքներո՛ւն տէր կանգնելու հրամայական։
Այո, «պետութեան գործը» պիտի կատարուի, մինչեւ գոյութիւն առնէ ամենայն հայոց պետութիւնը…