Պայրամով․ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին մէջ նոր զարգացումներ կը սպասուին

ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յաւելեալ զարգացումներ կը սպասուին՝ նշելով, որ TRIPP ծրագիրը անոնցմէ մէկն է։

Պաքուի մէջ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Ինեացիօ Քասիսի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պայրամով ըսած է, որ փոխադրական եւ հաղորդակցական կապերու վերաբացման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։

Ան յայտնած է, որ նախապատրաստական փուլի աւարտէն ետք Հայաստանի մէջ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկ կը սպասուի՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան մեծ մասամբ կատարած է իր բաժինը։

Պայրամով նաեւ կրկնած է Պաքուի նախապայմանը՝ նշելով, որ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ միայն այն պարագային, երբ Հայաստանի Սահմանադրութենէն վերացուին Ատրպէյճանի նկատմամբ ենթադրեալ տարածքային պահանջները։

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ եւս յայտարարած է, որ Պաքու ազդանշաններ կը ստանայ Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթացի մօտալուտ մեկնարկին մասին։

Պաքուն կը պահանջէ Սահմանադրութեան նախաբանէն հեռացնել Անկախութեան հռչակագիրին յղումը։ Նիկոլ Փաշինեան եւս կողմ արտայայտուած է այդ փոփոխութեան՝ հռչակագիրը բնութագրելով իբրեւ խնդրայարոյց։