Չինաստան-ԱՄՆ բանակցութիւններ Փեքինի մէջ՝ առեւտուր, Իրան եւ Թայուան օրակարգին վրայ
- (0)

Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփը Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ շքեղ պետական ընդունելութեան արժանացած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի կողմէ՝ երկու գերտէրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները վերաձեւաւորելու նպատակ ունեցող այցելութեան առաջին օրը։
Թրամփը զինուորական պատիւներով դիմաւորուած է Ժողովուրդի Մեծ Սրահին առջեւ, ուր հնչած են հրետանային ողջոյններ եւ ամերիկեան քայլերգը։ Երկու ղեկավարները փոխադարձաբար ջերմ արտայայտութիւններ ունեցած են, իսկ Թրամփ Շին բնորոշած է որպէս «մեծ առաջնորդ»։
Չինաստանը լայնածաւալ հանդիսաւորութիւններով փորձած է բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել՝ ցոյց տալու համար, թէ պատրաստ է ընդլայնելու համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ։ Սակայն հանդիպումներու ընթացքին Շի նաեւ զգուշացուցած է, թէ Թայուանի հարցը կրնայ լուրջ բախումի պատճառ դառնալ երկու երկիրներուն միջեւ։
Քննարկումներուն առանցքը կազմած են առեւտրական յարաբերութիւնները, Իրանի միջուկային հարցը եւ Թայուանի շուրջ աճող լարուածութիւնը։ Երկու կողմերը վերջին տարիներուն փոխադարձ մաքսատուրքեր սահմանած էին, որոնք որոշ փուլերու ընթացքին անցած էին 100 առ հարիւրը։
Չինաստանի պետական լրատուամիջոցները շեշտած են, թէ Փեքին կը դիտարկէ այս հանդիպումը որպէս ապացոյց, որ Չինաստանը այսօր արդէն համաշխարհային առանցքային ուժ մըն է՝ մրցակցելով Միացեալ Նահանգներուն հետ տնտեսական եւ ռազմավարական ոլորտներուն մէջ։
Սպիտակ Տունը յայտարարած է, թէ երկու կողմերը քննարկած են տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը, ամերիկեան ընկերութիւններուն համար չինական շուկային աւելի լայն հասանելիութիւն ապահովելը, ինչպէս նաեւ Իրանի հարցով համագործակցութիւնը։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ երկու երկիրները նաեւ համաձայնած են, որ Իրան պէտք չէ միջուկային զէնք ունենայ եւ թէ Հորմուզի նեղուցը պէտք է բաց մնայ միջազգային նաւարկութեան համար։
Թէեւ պաշտօնական համաձայնագիրներու մանրամասնութիւնները տակաւին չեն հրապարակուած, երկու ղեկավարները յայտարարած են, թէ կը ձգտին կառուցել «կառուցողական, ռազմավարական եւ կայուն» յարաբերութիւններ յաջորդ տարիներուն համար։