Շաւարշ Քրիսեանի ծնունդը անմահացաւ Հայ Մարզիկի օրուան յիշատակումով

«Ազգ մը առողջ եւ հզօր կ’ըլլայ, երբ իր երիտասարդութիւնը առողջ, կարգապահ եւ հայրենասէր ըլլայ». Շաւարշ Քրիսեան

ՀՄԸՄ-ի մարզական Ա. համագումարին առաջարկով եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, 22 յուլիսը՝ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը, հռչակուած է Հայ Մարզիկի օր։

Շաւարշ Քրիսեան (1886–1915) հայ մանկավարժ, լրագրող, մարզական գործիչ եւ «Մարմնամարզ» պարբերականի հիմնադիր-խմբագիրն էր։ Ան կը նկատուի մարզական կազմակերպուած հայկական շարժման հիմնադիրներէն մէկը, որ զոհուած է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին։

Տարուէ տարի գեղեցիկ սովորութեան վերածուած Հայ Մարզիկի օրը, այս տարի աւելի լայնածաւալ կերպով յիշատակուեցաւ Գանատայի Օնթարիո եւ Քեպէգ նահանգներուն մէջ, անմահացնելու համար Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը, մնայուն ներկայութիւն դարձնելով իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական մարզիկի մտքին եւ սրտին մէջ։

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Շրջ․ վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային Մարզական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2026-ին, Թորոնթոյի, իսկ Ուրբաթ եւ շաբաթ, 24 եւ 25 յուլիս 2026-ին, Մոնթրէալ-Լաւալի մէջ տեղի ունեցան նահանգային բարեկամական մրցաշարքեր, Գանատայի զոյգ նահանգներու մասնաճիւղերուն միջեւ։

Թորոնթոյի մասնաճիւղի մրցաշարքերը տեղի ունեցան Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտէն ներս։ Սոյն օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորոնթոյի մասնաճիւղի ցանցագնդակի (volleyball) Ա. եւ Բ. խումբերը եւ կողովագնդակի Գեմպրիճի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերուն աւագ (senior) մարզիկները։

Քեպէգ նահանգին մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ Կամք-Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Օթթաուայի մասնաճիւղերուն նահանգային խաղերը, մասնակցութեամբ աւելի քան 250 մարզիկներու։

Սոյն մրցաշարքին մաս կազմեցին ոտնագնդակի, կողովագնդակի եւ ցանցագնդակի խումբերը, ինչպէս նաեւ վեթերաններու ոտնագնդակի խումբը։ Տեղին է յիշել, թէ նահանգային այս խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով Օթթաուայի միաւորը իր մասնակցութիւնը բերաւ, ցուցաբերելով հաճելի խաղարկութիւն։

Երկու օրերու վրայ երկարող մրցաշարքերը, եղբայրական մրցակցութիւն եւ գնահատելի խաղարկութիւն ցուցաբերեցին, քաջալերողներուն պարգեւելով բերկրալի պահեր։

Մրցաշարքերուն աւարտին, ներկայութեամբ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանայինի մարզական յանձնախումբին, մասնակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն բաշխուեցան օրուան խորհուրդը յատկանշող խորհրդանշական մետալներ։

Սոյն մրցաշարքը եզակի էր այն իմաստով, թէ Շրջանային վարչութիւնը յատուկ գնահատագրերով վարձատրեց Գանատայի տարածքին գործող բոլոր մասնաճիւղերու անձնուէր, ծառայող եւ կամաւոր աշխատանք իրագործող մարզիչները եւ մարզիչներու օգնականները, որոնք անվերապահօրէն եւ անխափան կերպով կը ծառայեն եւ կ’իրագործեն ՀՄԸՄ-ի մարզախաղերը։

Այսօր ՀՄԸՄ-ը մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի շունչով կը շարունակէ իր երթը, պատրաստելով առողջ մարմնով, լուսաւոր մտքով եւ ազնիւ հոգիով սկաուտներ եւ մարզիկներ։

ՀՈՒՐԻՆԱ