Շաբթուան ամփոփումը (3 սեպտեմբեր 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով գուժեց իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, հաւատաւոր եւ նուիրեալ դաշնակցական ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 29 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ Եդուարդ Ֆրունճեան գործուն մասնակցութիւն բերած էր ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ ազգային-հասարակական կեանքին՝ ոչ մէկ ճիգ խնայելով ՀՅԴ-ի առաքելութեան յառաջխաղացքին, կազմակերպական կառոյցներու ամրապնդումին եւ գանատահայ համայնքի զարգացման համար։ Ան իր ետին կը թողու նուիրումի, ծառայութեան եւ գաղափարական հաւատարմութեան արժանաւոր վաստակ մը։ Այս առթիւ, Կեդրոնական կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։

– Հորիզոն Մետիայի ներկայացուցիչներ Ժագ Վարպետեան եւ Իշխան Ղազարեան Գանատայի Ազգային Էթնիք Մամուլի եւ Լրատուամիջոցներու Խորհուրդի (NEPMCC) անդամներուն հետ մասնակցեցան Գանատայի Ազգային Ցուցահանդէսին (CNE) Խորհուրդի տարեկան տաղաւարի պաշտօնական բացման։ Անոնք առիթ ունեցան հանդիպելու կառավարական տարբեր մակարդակներու քաղաքական ներկայացուցիչներու եւ համայնքային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ NEPMCC-ի նախագահ Թոմաս Սարասի եւ գործադիր տնօրէն Մարիա Սարասի՝ փոխանցելով Horizon Media-ի գնահատանքը Գանատայի բազմամշակութային եւ համայնքային մամուլին ցուցաբերուած հետեւողական աջակցութեան համար։

– Գանատահայ բժիշկ եւ վիրաբոյժ-գիտնական տոքթ. Արմէն Ապրիկեան ընտրուեցաւ Գանատայի Առողջապահական Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ՝ քաղցկեղի բուժման եւ բժշկական հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ ունեցած ներդրումին համար։ Ան McGill համալսարանի վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան դասախօս է, ինչպէս նաեւ McGill University Health Centre-ի եւ Cedars Cancer Centre-ի ուռուցքաբանութեան բաժնի ղեկավար։ CAHS-ի անդամ ընտրուիլը Գանատայի առողջապահական գիտութիւններու ոլորտի բարձրագոյն պատիւներէն մէկը կը նկատուի։

– Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը գործարկած է իր նոր կայքէջը՝ spyurkconference.org, ուր մէկտեղուած են խորհրդաժողովի աշխատանքները, ելոյթները, յայտարարութիւններն ու յաջորդող նախաձեռնութիւնները։ 11-12 ապրիլ 2026-ին Փարիզի մէջ կայացած խորհրդաժողովին մասնակցած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ աւելի քան 150 մտաւորականներ եւ քաղաքական, հանրային ու համայնքային գործիչներ։ Կայքէջին վրայ հրապարակուած են նաեւ չորս կլոր սեղաններու համառօտագիրները, որոնք կ՚անդրադառնան Սփիւռքի քաղաքական եւ ռազմավարական դերին, ազգային արժէքներուն ու Հայ Եկեղեցւոյ, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համազգային նպատակներու շուրջ Սփիւռքի վերաշխուժացման։ Կազմակերպիչները կը նախատեսեն կայքէջը զարգացնել իբրեւ շարունակական քննարկումներու, հրապարակումներու եւ համագործակցութեան հարթակ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

– Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններն ու Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը։ Փութին ԵՄ-ին անդամակցելու Հայաստանի ձգտումը որակեց երկրի «օրինական իրաւունքը», սակայն նշեց, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութիւնը բարդութիւններ կը ստեղծէ եւ առաջարկեց հարցը հանրաքուէի դնել՝ յստակացնելու Հայաստանի ընտրութիւնը։ Փաշինեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-էն հեռանալու որեւէ ծանուցում չէ ներկայացուցած, իսկ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը տակաւին հանրաքուէ կազմակերպելու հանգրուանին չէ հասած։

– Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պիշքէքի մէջ քննարկեցին TRIPP-ի իրականացումը, սահմանազատման գործընթացը եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը։ Կողմերը համաձայնեցան շարունակել անմիջական շփումները՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան զարգացման ուղղութեամբ, եւ անդրադարձան նաեւ երկկողմ առեւտուրի, ուժանիւթային համագործակցութեան ու տարանցիկ փոխադրումներու հեռանկարներուն։ Հանդիպումէն ետք հրապարակուած հայկական եւ ատրպէյճանական գրեթէ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններուն մէջ, սակայն, որեւէ յիշատակում չկար Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն, Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կամ անվտանգային այլ չլուծուած հարցերու մասին։

– Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) խմբային գանգատ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած 15 հայ գերիներու, ներառեալ Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ։ Օգոստոս 21-ին ներկայացուած գանգատը կը վիճարկէ Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ ընթացած դատավարութիւններու արդարութիւնը՝ մատնանշելով անկախ եւ անաչառ դատաքննութեան, անմեղութեան կանխավարկածի, պաշտպանութեան պատրաստուելու եւ դատական փաստաթուղթերու լիարժէք մատչելիութեան հետ կապուած խախտումներ։ Գանգատագիրները նաեւ կը նշեն, որ քաղաքական եւ զինուորական գործունէութիւնը ինքնին չի կրնար որակուիլ իբրեւ ահաբեկչութիւն՝ առանց անհատական յանցանքի եւ անձնական պատասխանատուութեան ապացոյցի։ Օգոստոս 6-ին Ատրպէյճանի վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ պահած էր դատավճիռները։