Նոր Սահմանադրութեան նախագիծով կը փոխուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերող դրոյթը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ փոփոխութեան ենթարկուած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները կարգաւորող սահմանադրական դրոյթը։ Փոփոխութիւնը կը ներկայացուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան միջեւ հակադրութիւնը կը շարունակուի։

Գործող Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները «կրնան կարգաւորուիլ օրէնքով»։ Նոր նախագիծով «կրնան կարգաւորուիլ» ձեւակերպումը փոխարինուած է «կը կարգաւորուին» ձեւակերպումով։

Միաժամանակ, անփոփոխ պահուած է յօդուածին առաջին մասը, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ իբրեւ ազգային եկեղեցի, բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ։

Թէեւ փոփոխութիւնը առաջին հայեացքով սահմանափակ կը թուի, անոր իրաւական նշանակութիւնը քննարկման առարկայ կը դառնայ՝ նկատի ունենալով եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն ներկայ լարուածութիւնը։ Նոր ձեւակերպումը օրէնքով կարգաւորումը կը դարձնէ սահմանադրական ուղղակի դրոյթ, մինչ գործող Սահմանադրութիւնը նման կարգաւորումը կը նախատեսէ իբրեւ կարելիութիւն։

Այս հանգամանքը անհրաժեշտ կը դարձնէ յստակացնել, թէ ապագային ընդունուելիք օրէնքները ինչպէ՛ս պիտի սահմանեն պետութեան եւ Եկեղեցւոյ փոխյարաբերութիւնները, եւ ի՛նչ երաշխիքներ պիտի ապահովեն անոր ինքնավարութեան ու հոգեւոր առաքելութեան պաշտպանութեան համար։