ՆԱԹՕ-ի ղեկավարները վերահաստատեցին հաւաքական պաշտպանութեան յանձնառութիւնը
- (0)

ԱՆԳԱՐԱ.- ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները Անգարայի գագաթնաժողովի աւարտին վերահաստատեցին դաշինքի հաւաքական պաշտպանութեան սկզբունքը՝ ընդգծելով, որ անդամ երկիրներէն մէկուն վրայ յարձակումը պիտի նկատուի յարձակում ամբողջ դաշինքին դէմ։
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց «երկաթեայ յանձնառութիւնը» Հիւսիսատլանտեան դաշինքի 5-րդ յօդուածին նկատմամբ, այն պահուն, երբ 77-ամեայ կառոյցը կը դիմագրաւէ ներքին տարակարծութիւններ եւ միջազգային անվտանգութեան խորացող ճգնաժամեր։
Գագաթնաժողովի բացումին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննադատեց դաշնակիցները՝ Իրանի դէմ Ուաշինկթընի ռազմական գործողութիւններուն չաջակցելու եւ Կրինլանտի հարցով իր դիրքորոշումը չբաժնելու համար։ Ան մասնաւորաբար թիրախաւորեց Սպանիան՝ զայն «սարսափելի գործընկեր» որակելով եւ սպառնալով դադրեցնել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական գործակցութիւնը։
Սակայն դռնփակ բանակցութիւններէն ետք դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թրամփ ժողովի ընթացքին Իրանի կամ Կրինլանտի վերաբերեալ պահանջներ չէ ներկայացուցած։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծեց, որ դաշինքի անդամները պարտաւոր են ոչ միայն պաշտպանել զիրար, այլ նաեւ չսպառնալ իրարու։ Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսըն եւս կրկնեց, որ Կրինլանտը վաճառքի առարկայ չէ։
Գագաթնաժողովի գլխաւոր թեման դարձաւ Իրանի շուրջ նոր լարուածութիւնը։ Թրամփ յայտարարեց, որ Թեհրանի հետ հաստատուած հրադադարը իր համար «աւարտած է» եւ թէ այլեւս իմաստ չի տեսներ Իրանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւնները շարունակելու մէջ։
Ան նաեւ սպառնաց, որ Միացեալ Նահանգները կրնան գրաւել Խարգ կղզին, ուրկէ կ՚արտածուի իրանական քարիւղին մեծ մասը, շրջափակել Հորմուզի նեղուցը եւ նոր հարուածներ հասցնել Իրանի։ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք քարիւղի գիները միջազգային շուկաներուն մէջ վերսկսան բարձրանալ։
Հրադադարը խախտուած էր, երբ իրանական ուժերը թիրախաւորած էին Օմանի ջուրերուն մէջ գտնուող երեք առեւտրական նաւեր։ Ամերիկեան ուժերը պատասխանած էին Իրանի ռազմական կառոյցներուն վրայ յարձակումներով, իսկ Թեհրան հարուածած էր Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները։
Գագաթնաժողովի ծիրին մէջ Թրամփ հանդիպեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Զելենսքի կրկնեց, որ Քիեւ անհրաժեշտութիւն ունի ամերիկեան «Փաթրիոթ» հրթիռներ արտադրելու արտօնագիրին։ Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ պիտի շարունակէ բանակցիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու նպատակով։
Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թրամփ նաեւ գովաբանեց նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ խոստացաւ վերանայիլ Անգարայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներն ու Թուրքիոյ՝ F-35 կործանիչներու ծրագիր վերադառնալու հարցը։ Սակայն նման որոշում տակաւին պէտք է ստանայ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսին հաւանութիւնը, ուր կ՚ակնկալուի լուրջ ընդդիմութիւն։