Յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան Ju-Jitsuի համաշխարհային մրցաշարքի ոսկեայ շքանշանին արժանացաւ
Ուրբաթ՝ 24 Նոյեմբեր 2017ին, Քոլոմպիոյ Պոկոթա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցան Ju-Jitsuի համաշխարհային մրցաշարքի մրցումները, որոնց աւարտին յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան բարձրացաւ ամէնէն բարձր հարթակին վրայ՝ գրաւելով ոսկի շքանշանը։
Մրցաշարքի ընթացքին՝ երէցներու 56 քիլոկրամէն նուազ կշիռքով խումբին մասնակցելով, Արա յաղթեց Իսրայէլի եւ Քոլոմպիոյ մարզիկներուն եւ հասաւ աւարտական մրցումին, որու ընթացքին յաղթեց Ղազախստանի մարզիկին։
Ամիսներու երկար մարզումներու ու խիստ ճաշացուցակի հետեւելով՝ Արա Ճանկեան հասաւ Պոկոթա, ուր քաղաքի կլիմայական տարբեր ու դժուար պայմաններու տակ գտնուելով հանդերձ՝ մրցեցաւ, յաղթեց եւ Ju-Jitsu մարզաձեւին Յունաստանի առաջին ոսկի շքանշանը ապահովեց։