Մոսկուայի նոր զգուշացումը Հայաստանին՝ ԵՄ թէ ԵԱՏՄ

Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարած է, թէ Հայաստանը ի վերջոյ պիտի ստիպուի ընտրութիւն կատարել Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ։

Ռուսական պետական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Օվերչուք նշած է, թէ Մոսկուա «ըմբռնումով պիտի ընդունի» հայ ժողովուրդին կողմէ կատարուելիք որեւէ ընտրութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ ան վերահաստատած է, թէ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնները «անհամատեղելի» են։

«Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւս բազմաթիւ անգամներ ընդունած է, թէ այս երկու ուղղութիւնները անհամատեղելի են։ Որոշ փուլէ մը ետք Հայաստանը պիտի ստիպուի կատարել այդ ընտրութիւնը», ըսած է ռուս պաշտօնատարը։

Օվերչուք նաեւ ընդգծած է, թէ Հայաստանը Ռուսիոյ «մօտիկ դաշնակից երկիր» մըն է, նշելով, որ երկու երկիրները կապուած են խոր եւ պատմական յարաբերութիւններով։ Ան յիշեցուցած է, թէ Հայաստանը անդամ է ԵԱՏՄ-ին, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։

Յայտարարութիւնը կը հետեւի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին կոչերուն, որոնց մէջ ան Երեւանին յորդորած էր արագօրէն կողմնորոշուիլ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արձագանգելով Փութինի յայտարարութիւններուն, նշած էր, թէ մինչեւ այն պահը, երբ նման ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն չունի՝ «ո՛չ իրաւական, ո՛չ ալ գործնական իմաստով», Հայաստանը այդ հարցը օրակարգ չի բերեր։