Միրզոյեան եւ Պայրամով շուտով պիտի հանդիպին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան Չորեքշաբթի հաստատեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է մօտ ապագային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը կայացնելու շուրջ։
Բադալեան հանդիպման թուականին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չյայտնեց՝ նշելով, որ նախարարութիւնը համապատասխան տեղեկութիւն պիտի տրամադրէ յետագային։
«Աշխատանքը կը շարունակուի, եւ յառաջիկայ հանդիպման շուրջ համաձայնութիւն կայ։ Տեղեկութիւն պիտի տրամադրենք», ըսաւ Բադալեան «Արմէնփրես»-ին՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, ըստ որոնց Պայրամով յայտարարած էր, թէ շուտով պիտի հանդիպի իր հայ պաշտօնակիցին։
Երկու արտաքին գործոց նախարարներուն վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Օգոստոսի վերջաւորութեան՝ Պիշքէքի մէջ, ուր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս բանակցութիւններ ունեցած էին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովին ծիրին մէջ։