Միրզոյան․ հայ-թրքական ամբողջական կարգաւորումը «ցանկացած պահու» հնարաւոր է
- (0)

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյան յայտարարեց, թէ հայ-թրքական երկխօսութիւնը այնպիսի փուլ հասած է, որ «ցանկացած պահու» կարելի է հասնիլ նոյնիսկ ամբողջական կարգաւորման։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ փակ մնացող հայ-թրքական սահմանը ապագային պիտի բացուի, եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ապրանքներու ուղիղ ներմուծումը պիտի դառնայ իրականութիւն։
Միրզոյան նշեց, թէ ներկայիս մաքսային իմաստով արդէն հնարաւոր դարձած է ուղիղ առեւտուրը՝ առանց վերաձեւակերպումներու, թէեւ բեռները տակաւին ֆիզիքապէս պիտի շարունակեն անցնիլ Վրաստանի տարածքով։ Անոր խօսքերը հետեւեցան այն տեղեկութիւններուն, թէ Երեւանն ու Անգարան աւարտած են երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքները։
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրին՝ Միրզոյան յայտարարեց, թէ վստահ է, որ փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի։ Միեւնոյն ժամանակ Պաքուն կը շարունակէ պնդել, թէ համաձայնագիրը պիտի չստորագրուի, քանի դեռ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանէն չէ հեռացուած Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, որուն մէջ յիշատակուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միաւորումը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերջին շրջանին Անկախութեան հռչակագիրը բնորոշած էր որպէս «քոնֆլիքթածին» փաստաթուղթ։
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ TRIPP նախաձեռնութեան՝ նշելով, թէ գործընթացը տակաւին փաստաթղթային փուլին մէջ կը գտնուի, եւ այժմ աշխատանք կը տարուի իրաւական ու ֆինանսական հարցերու ճշդման ուղղութեամբ։ Այս ծիրին մէջ օրերս Հայաստան այցելած էր ամերիկեան պատուիրակութիւն մը՝ քննարկելու ծրագիրի իրականացման ընթացքը, մինչ ամերիկեան AECOM ընկերութեան ներկայացուցիչները մեկնարկած են տեղանքի ուսումնասիրութեան աշխատանքները։