«Մեր Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Եւ Արցախի Միաւորումն Է». Իշխան Սաղաթէլեան

«Այն, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, ատիկա յայտնի է: Եւ մենք այդտեղ վերապահում չունինք: Այո, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Մենք կը կիսենք այդ տեսակէտը»: Այս մասին «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին (լրագրող` Աննա Պապիկեան) ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Այդ հարցով հակառակ կարծիքի վերաբերեալ ալ ըսաւ, թէ վերջնական նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի միաւորումն է. «Ինչո՞ւ, Հայաստանի կամ Արցախի մէջ այլ կարծիք կա՞յ, որ Հայաստանն ու Արցախը նոյնն են, այդ առումով ես կը հասկնամ այն վտանգները, որ կրնան ի յայտ գալ: Ատիկա նոր բան չէ հայ իրականութեան մէջ, այս առումով մենք հարց չունինք: Վստահաբար, մեր վերջնական նպատակը Հայաստանի եւ Արցախի միաւորումն է»:

Խօսելով այն կարծիքին մասին, թէ հակասութիւն կայ Փաշինեանի ըսածներուն մէջ, առիթով մը կ՛ըսէ, որ ինքը Արցախի անունով չի կրնար բանակցիլ, միւս կողմէ, որ Արցախը Հայաստան է, պատասխանեց. «Փաշինեանի բոլոր ելոյթներուն մէջ հակասութիւններ կան, հիմա, եթէ խորանանք անոր մէջ, բազմաթիւ են իր ելոյթներու հակասութիւնները: Շատ կարեւոր է հասկնանք` արդեօք իր կիրակի օրուան «լայվը», երբ կ՛ըսէր աղէտալի ժառանգութիւն ստացած են ու հիմա կ՛ըսէ, թէ 50 տարի պէտք է վերականգնելու այս ամէն ինչը: Իրատեսական չէ, երբ առօրեայ խնդիրները չես կրնար լուծել եւ կը խօսիս, թէ 50 տարի ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ: Նախ անմիջական հարցերը փորձէ լուծել, յետոյ խօսիր 50 տարի ետք ըլլալիքին մասին: Ընդհանրապէս լաւ է, երբ պետութիւնը ունի տեսլական, բայց ատիկա յոյս չի ներշնչեր, որովհետեւ իրենք իրենց առջեւ դրած տարրական խնդիրները չեն կրնար լուծել»:

Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի ընդհանուր ելոյթին: «Ինչ կը վերաբերի բուն ելոյթին, թէ ինչպիսի՛ Հայաստան կ՛ուզենք ունենալ 50 տարի ետք, ատիկա եւս լաւ է, որ վարչապետը ունի իր տեսլականը, թէ 50 տարի ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ, բայց մենք ունինք առօրեայ, հրատապ խնդիրներ, որոնք կը շարունակեն մնալ չլուծուած: Երբ կառավարութիւնը իր առջեւ դրած տարրական խնդիրները չի կրնար լուծել եւ կը խօսի 50 տարի ետք ըլլալիքին մասին, ատիկա քիչ մը անհասկնալի է եւ անտրամաբանական»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.