Մարքհամի մէջ խորհրդաւոր կերպով ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը

Հինգշաբթի, ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Մարքհամի «Forest of Hope» յիշատակի պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած մոմավառութեան եւ ոգեկոչման խորհրդաւոր ձեռնարկ՝ կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան։

Ձեռնարկը համախմբած էր հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ դիւանագիտական դէմքեր, համայնքային գործիչներ եւ Թորոնթոհայ հոծ բազմութիւն մը, որոնք հաւաքուած էին ոչ միայն յարգելու 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, այլ նաեւ վերահաստատելու հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու արդարութեան եւ պահանջատիրութեան պայքարը։

Օրուան հանդիսավարներ Փաթիլ Ասդուրի եւ Յովան Մկրտիչեանի բացման խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը չի սահմանափակուիր անցեալի յիշատակումով, այլ կը դառնայ հաւաքական վկայութիւն եւ պահանջ՝ ուղղուած միջազգային անպատժելիութեան եւ շարունակուող ժխտողականութեան դէմ։ Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներու յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին ազգային քայլերգները՝ ՀՅԴ Գանատայի «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեանց անդամներու երգեցողութեամբ եւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի փողերախումբի ընկերակցութեամբ։

Ապա խօսք առին Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Արիս Պապիկեան, Ճոնաթան Ցաու եւ Ռուտի Քուզեթօ, որմէ ետք տեսակապով իր պատգամը փոխանցեց Օնթարիոյի նահանգային նախարար Սթիվըն Լէչէ։ Խօսք առին նաեւ Մարքհամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարբիթի, Ռիչմընտ Հիլի փոխքաղաքապետ Կատուին Չան եւ դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճին Եիփի ներկայացուցիչ Փաթրիք Լի։

Քաղաքական ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ վերահաստատեցին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պատմական արդարութեան վերահաստատման ուղղուած ջանքերուն՝ ընդգծելով նաեւ կրթական համակարգին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման անհրաժեշտութիւնը։

Օրուան պատգամաբերներէն էր Օնթարիոյի խորհրդարանի նախկին խօսնակ՝ Տէյվիտ Ուորնըր, որ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը ծրագրաւորուած եւ համակարգուած բնաջնջումի քաղաքականութիւն մըն էր, որուն հետեւանքները կը շարունակեն դրսեւորուիլ առ այսօր։ Այս ծիրին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին, շրջափակումին եւ բռնի տեղահանութեան՝ իբրեւ նոյն քաղաքականութեան շարունակութիւն։

Երեկոն եզրափակուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի սրտի խօսքով եւ աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մոմավառութեան խորհրդանշական արարողութիւն, ուր ներկաները ծաղիկներ եւ մոմեր զետեղեցին յուշակոթողին շուրջ՝ վերահաստատելով յիշողութեան պահպանման, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան պահանջի շարունակականութեան իրենց հաւաքական կամքը։