Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

Հայաստանի խումբը իր երկրորդ ոսկի մետալին տիրացաւ աշխարհի մարմնամարզութեան երիտասարդական ախոյեանութեան:

15 տարեկան Համլեթ Մանուկեան հռչակուեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան:

Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի երիտասարդական մարմնամարզութեան երկրորդ ախոյեանութեան, ան օղակներու մրցումներուն, ապահովելով 13.633 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:

Իսկ Էրիկ Բաղդասարեան ապահովելով 13.400 կէտ, գրաւեց չորրորդ դիրքը:

Նախքան այս արդիւնքներուն արձանագրուիլը, նժոյգի մրցումներուն, Համլեթ Մանուկեան հանդիսացած էր աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան, իսկ Մամիկոն Խաչատրեան` փոխախոյեան:

Երկրորդ անգամ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը առաջին անգամ ըլալով մասնակցեցաւ խմբային մրցումներուն եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Comments are closed.