ՄԱՀԱԶԴ. Ընկեր Հրաչ Մանուկեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը յայտնէ իր շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն, Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, հաւատաւոր եւ նուիրեալ դաշնակցական ԸՆԿ. ՀՐԱՉ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ մահուան բօթը։

Ընկ. Հրաչ Մանուկեան իր կեանքը նուիրեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իտէալներուն, հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն եւ Հայ Դատի հետապնդման սրբազան առաքելութեան։ Տասնամեակներ շարունակ ան իր փորձառութիւնը, կարողութիւններն ու անխոնջ աշխատանքը ի սպաս դրաւ կազմակերպութեան՝ նշանակալի նպաստ բերելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ գանատահայ համայնքի կազմակերպման, զարգացման եւ հզօրացման գործին։

Ընկ. Հրաչ Մանուկեան պիտի յիշուի որպէս սկզբունքային, ազնիւ եւ նուիրեալ դաշնակցական, որ իր նուիրումով ու ծառայութեամբ արժանացաւ իր ընկերներուն եւ համայնքի անդամներուն յարգանքին ու գնահատանքին։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։

ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ