ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղը արժանավայել կերպով նշեց յիշարժան երկու տօներ՝ «ՀՕՄ-ի օր»-ը օրը եւ «Մայրերու օր»-ը

Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդական փոխանորդ Գերապատիւ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէքեանի, Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի, Գեմպրիճի Ս․ Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Արժանապատիւ Տէր Նշան Քահանայ Մանուկեանիշ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ․ Դրօ Թասլաքեանի, Գեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեանի եւ անդամներուն, Ազգային ժողովի ատենապետուհի Ծովիկ Թերզեանի, պատգամաբեր Աննա Պուլկարեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն՝ Մարալ Միսիրեանի, Վարդուկ Պարտագճեանի եւ Արաքսի Փիլաւճեանի, Ուղեկից Միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ՀՕՄ-ուհիներու եւ հոծ բազմութեան, «ՀՕՄ-ի օր»-ուան եւ «Մայրերու օր»-ուան ձեռնարկը, կազմակերպուած «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս, կիրակի, 3 մայիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 1։30-ին։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը  մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մայրերուն եւ ՀՕՄ-ուհիներուն։

Օրուան հանդիսավարներն էին՝ Սալբի Քէլէշեան եւ Լոռի Թագուշեան, որոնց բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, հրաւիրուեցաւ երէց ընկերուհի Արշալոյս Այանեան, մասնաճիւղին սովորութեան համաձայն կատարելու մոմավառութիւնը: Քէլէշեան խօսքը ուղղեց մայերուն հետեւեալ համարով. «Հայոց  աշխարհի  մեր  հզօր  մայրեր, / մեր  չքնաղ  կանայք,  հայոց  աղջիկներ, / նազուկ  ու  քնքոյշ  հուրի  փերիներ, / դուստրեր  սիրասուն,  ապագայ  մայրեր, / միշտ  եղէք  չքնաղ,  գեղեցիկ  բարի, / որ հայ օճախի, ծուխը չմարի», ապա անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի կարեւորութեան մասին, ըսելով. «ՀՕՄ-ը ծնաւ հայ ժողովուրդի երկունքէն, այն օրերուն, երբ որբ մնացած մանուկներ, անտէր ընտանիքներ կարիքը ունէին ամրակուռ ձեռքի մը, որ փրկէր զիրենք մահէն, կորուստէն կամ ցուլումէն: Ունէր մարտահրաւէրներ, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանում, որբերու խնամատարութիւն, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն։ Այս ծանր պարտականութեան գիտակից, կազմեց իր մասնաճիւղերով համահայկական մեծ բանակ մը, որ պիտի իրագործէր իրեն վստահուած վեհ եւ ծանր պարտաւորութիւնները հայրենիքէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք»: Ան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ քառեակով. «Ձեր սիրտը նուրբ է եւ ուժեղ, / Ձեր սէրը ուղեցոյց է ու պաշտպան, / Ձեր ուժը լուռ է, բայց հսկայական, / Դուք ընտանիքի սիրտն էք ու կեանքի լոյսը»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ իր նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ առաւել եւս արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկը։

Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան, որ ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Միութիւնը եղած է եւ պիտի մնայ նպատակասլաց միութիւն մը, միշտ հաւատարիմ իր նպատակներուն։ Իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր, ՀՕՄ-ը 27 մասնաճիւղերով, տարբեր երկիրներու մէջ, կամաւոր աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մըն է: Զինուորական կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած, միշտ գործած է ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար նշանաբանով», ապա անդրադարձաւ Գանատայի մասնաճիւղերուն եւ աւելցուց. «ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղը, կարեւոր անդամ մըն է ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, իր իւրայատուկ անցեալով՝ գործած  է որպէս ամենաառաջին մասնաճիւղերէն մէկը Գանատայի տարածքին: Իր ժրաջան ու աշխոյժ անդամներով «Մեղրի» մասնաճիւղին նպատակը միշտ եղած է պահել ու պահպանել հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը»: Ան շնորհակալական իր խօսքը ուղղելով ՀՕՄ-ուհիներուն եւ համակիրներուն, ըսաւ. «Դուք միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց բերիք եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ սատարեցիք շրջանիս եւ Կեդրոնականի բոլոր ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն իրականացման, ուստի վարչութեանս կողմէ կ’ըսեմ հազա՛ր ապրիք եւ ձեր վարձքը կատար»:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ մօր նուիրուած ասմունքով մը եւ երգով մը, ինչպէս նաեւ գաղութիս նորակազմ «Կիլիկիա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Արժ. Տէր Նշան Քհն. Մանուկեանի, յաջորդաբար ներկայացուց «Ազնիւ ընկեր», «Լուսին չկար» եւ «Ինչքան էլ որ» երգերը:

Քէլէշեան ընթերցեց օրուան պատգամաբեր Աննա Պուլկարեանի կենսագրականը, որմէ ետք, ան ներկայացուց իր պատգամը: Ողջոյնի խօսքէն ետք, Պուլկարեան ըսաւ. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք նշելու ապրո՛ղ եւ շնչո՛ղ կազմակերպութեան մը օրը։ Օր մը, որ կը մարմնաւորէ ծառայութիւն, օր մը, որ կը մարմնաւորէ զոհողութիւն, օր մը, որ կը մարմնաւորէ մայրական գուրգուրանք եւ կազմակերպական խոհեմութիւն: Կազմակերպութիւն մը կը դիմանայ ժամանակի փորձութեանց, երբ ունի երեք հիմնասիւներ՝ յստա՛կ առաքելութիւն, կազմակերպական կարգապահութիւն, մշտակա՛ն վերանորոգում։ Այս երեքը եղած են ՀՕՄ-ի գոյատեւման գաղտնիքը»:

Բանախօսը անդրադառնալով ՀՕՄ-ի գործունէութեան, ըսաւ «ՀՕՄ-ի գործունէութեան դաշտը լայն է՝ կրթութիւն, առողջապահութիւն, մարդասիրութիւն, մշակոյթ, կնոջական խնդիրներ, հայրենանուէր ծառայութիւն, եւայլն: Այո՛, մենք այս բոլո՛րն ենք։
Բայց միաժամանակ պէտք է ըլլանք ճկուն, պատրաստ բարեփոխուելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դառնալու։ Հայերէն լեզուի, հայկական ինքնութեան եւ աւանդութիւններու պահպանման գործը կենսական է։ Հայ կինը՝ որպէս մայր եւ դաստիարակ, եղած է եւ կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման առանցքը։ ՀՕՄ-ի հոգին հայ կինն է։ Հայ մայրը, որ ընտանիքին մէջ առաջին դաստիարակն է, նաեւ եղած է ազգային պայքարի անտեսանելի հերոսուհին»: Ան իր խօսքը աւարտեց, ըսելով. «Այսօրուան տօնը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր ուխտը՝ աշխատելու ո՛չ միայն սրտով, այլ նաեւ մտքով,
պահելու մեր աւանդը, բայց նաեւ կերտելու մեր ապագան։ Թող մեր քայլերը ըլլան վստահ։ Մեր կամքը՝ ամուր։ Մեր ծառայութիւնը՝ անխափան»։                                    

Խօսք առաւ նաեւ «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Վերա Թիթիզեան, որ ըսաւ. «Այսօր յարգանքով կը մօտենանք այն կամաւոր, ծառայասէր, տոկուն կանանց, որոնք սերունդէ սերունդ կը շարունակեն հզօրացնել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը։ Վարչութիւնս իր 54 անդամներով դիմագրաւեց շատ մը մարտահրաւէրներ, ամբողջացնելով ակնկալուած ծրագիրները, յանձնախմբային նախաձեռնութիւններով կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, որոնց նիւթական ներդրումով մասնակցեցանք Շրջանային վարչութեան ծրագիրներու իրագործման։ Վարչութիւնս իր անդամներուն եւ բարերարներուն շնորհիւ կը հովանաւորէ 10 զոհուած հերոսներու զաւակներ եւ ուսանողներու ծրագրին տակ՝ 3 ուսանողներ»։ Թիթիզեան անդրադառնալով «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանին, ըսաւ. «Ունինք 66 աշակերտներ, 9 ուսուցիչներ եւ 5 ուսումնական խորհուրդի անդամներ, այս տարի Շրջանային վարչութիւնը վարժարանին օժանդակեց 5000 տոլարով, իսկ գաղութիս հովիւ Տէր Նշան տօնական առիթներուն աշակերտներուն կը փոխանցէ հոգեւոր եւ բարոյական պատգամներ»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Բոլոր իրագործումներուն համար շնորհակալ եմ վարչական ըկերուհիներուս, դաստիարակչական եւ ընկերային յանձնախումբերու ընկերուհիներուն։ Երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք համախմբուած են մասնաճիւղիս շուրջ եւ իրենց ամենափոքր կարելիութիւններով կը նպաստեն մեզի»:

ՀՕՄ-իՇրջանային վարչութիւնը սովորաբար կը գնահատէ իր անդամուհիներու տարիներու ծառայութիւնը զարդասեղով. 35 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացաւ երէցկին Սեդա Փանոսեան, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին ձեռամբ։ 15 տարուան ծառայութեան զարդասեղ ստացան՝ Սօսի Ասատուրեան եւ Արմինէ Եագուպեան, վարչութեան ատենապետուհիին ձեռամբ։

«Մեղրի» մասնաճիւղին կողմէ երկարամեայ ծառայութեան եւ նուիրումին համար յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ Հուրի Գասամանեան, վարչութեան ատենապետուհիին ձեռամբ։

Մասնաճիւղիս մօտ աւանդութիւն դարձած Մայրերու օրուան կարկանդակի հատումին համար, Լոռի Թագուշեան հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Աննա Պուլկարեանը եւ Հուրի Գասամանեանը։

Քէլէշեան շնորհակալական խօսքով հանդէս գալէ ետք հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ իր գնահատական խօսքին մէջ ըսաւ. «Ամենամեծ խոնարհումը այն է, երբ ժողովուրդէն մէկը իր ձեռքը կ’երկարէ ժողովուրդին: ՀՕՄ-ը ծնաւ ժողովուրդէն եւ կը գործէ նոյն ժողովուրդին համար, այսօր խաչ է, եւ ես ձեզ պիտի կոչեմ Հայ Օգնութեան Խաչ, ինչպէս խաչը կը գլխաւորէ  ձեր նշանակը։ Ապա «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ ձեռնարկը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Սալբի Քէլէշեան
«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Վազգէն Քէշիշեանի