«ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Եւ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
- (0)

(Բաղդատական, Եւ Սերմնահատիկներ․․․)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
Ձօն՝ Նորվան Արք․ Զաքարեանին
Փարիզ կը գտնուէի 10-14 Ապրիլ 2026-ին, մասնակցելու համար «Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին, որ գումարուեցաւ 11 եւ 12 Ապրիլին։ Հանդիպումներուս մէջ, յիշատակելի եղան Տիգրան Եկաւեանի հետ քանի մը զրոյցներս, որոնք ետքը շարունակուեցան առձեռն հեռաձայնի միջոցով, թէ՛ խօսակցութեամբ եւ թէ՝ երկգրառմամբ։ Խորհրդաժողովին առիթով իմ խօսքիս մէջ յիշած էի Գարեգին Վրդ․ Յովսէփեանցի (ապա՝ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ) «Հոգեւոր Հայրենիք» իմացքը։ Պրն․ Եկաւեան շատ հետաքրքրուած էր անով, մանաւանդ որ իրեն ծանօթ էր Վահան Տէրեանի «Հոգեւոր Հայաստան» իմացքը։ Ակնարկած էի երկուքին տարբերութեան։ Եւ ինք փափաք յայտնած էր, որ իր առցանց հաղորդաշարին՝ անոնց տարբերութեան մասին խօսիմ․․․։ Մինչեւ խօսիլս՝ ձեռնարկեցի եւ աւարտեցի այս յօդուածը։
Ա․
Գարեգին Վրդ․ Յովսէփեանց Էջմիածնի «Արարատ» պաշտօնաթերթի 1907-ի Սեպտեմբերի թիւին մէջ յօդուած մը գրած էր, զայն վերնագրելով «Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը»։ Զայն նախ կարդացած էի իր «Դէպի Լոյս Եւ Կեանք» գիրքին մէջ, որ Կիլիկիոյ դպրեվանքին մէջ սարկաւագական օրերուս նուէր ստացած էի Երջանկայիշատակ Գարեգին Կթղ․ Սարգիսեանէ։
Յովսէփեանց Վարդապետ իր յօդուածը այսպէս սկսած է․ «Զարգացման ենթակայ ամէն արարած իւր հայրենիքն ունի»։ Մեկնակէտին՝ «հայրենիք» բառը իր պարզագոյն իմաստով առած է, այսինքն՝ իբր տեղ ու կլիմայ։ Արդարեւ, «հայրենիք» բառը իր ստուգաբանական նշանակութեան մէջ, միայն տեղն ու կլիման չեն։ Վարդապետին բացատրութիւնն է, թէ «հայրենիք»ի գաղափարը նոյնիսկ գտանելի է «կիսակիրթ» որեւէ ժողովուրդի մօտ, թէեւ «սահմանափակ է եւ թանձրացեալ» իմաստներով, այսինքն, ըստ իրեն՝ իբր ընտանեկան օճախ, հայրենի գիւղ, հող ու ջուր, նախնեաց գերեզմաններ ու սրբութիւններ։
Քաղաքակրթութիւններու ծագումով եւ զարգացմամբ՝ հայրենիքի գաղափարը ընդարձակուած է։ Թէ ի՞նչ է այն ընդարձակման բովանդակութիւնը՝ խօսք չէ ըսած։ Անկասկած, նոյնիսկ ակնարկութիւն մը՝ իր նիւթէն դուրս համարած է։
Քաղաքակրթութիւնը հասկցած է իբր «աւելի ընդարձակ գաղափար» քան կրօնական «քաղաքակրթութիւն»ը, եւ իբր՝ նիւթական յառաջդիմութիւն ու «բարիք»։ Ուրեմն, քաղաքակրթական հայրենիքը՝ նիւթական հայրենիքն է, որուն համար «կայ մի ուրիշ, հոգեւոր, վերացական հայրենիք» (մէջբերումին «վերացական»ը, աւելորդ է ըսել՝ թէ դրական առումով գործածած է․ իբր ձգտում՝ «բարոյական եւ յաւիտենական գաղափարների», կամ՝ իբր ձգտում գիտութեան, ազնիւին, վսեմին եւ ճշմարիտին)։ Հոգեւորով՝ ինք հասկցած է կրօնականը, որ «մարդկային հոգու կեդրոնական երակ»ն է։ Նիւթական կամ «սովորական իմաստ»ով հայրենիքը «որոշ չափով» կը նպաստէ հոգեւոր կամ «բարձր քաղաքակրթական զարգացման»։ Քրիստոնէութիւնը, համաձայն իրեն, «յատկապէս այս խնդրում՝ բացառիկ դիրք է բռնում․ նա կամենում է աղ լինել կեանքի եւ քաղաքակրթութեան բոլոր երեւոյթները համեմելու համար»։ Երբ իր մտքին հետեւինք՝ կը տեսնենք, որ քրիստոնէութեան կամեցածը՝ աւելի քան լոկ «համեմել» է, նաեւ է՝ մաքրել ու պահել ապականութենէ։ Այսուհանդերձ՝ պիտի գործածեմ իր «համեմել» բայը, քանի որ նախասիրածը եղած է անիկա, կարծէք՝ իրեն համար “համեմել”ը ընդգրկէր նաեւ միւս պաշտօնները։
Հարց տուած է․ «Ո՞րն է հայ ժողովրդի հոգեւոր հայրենիքը»։ Ու նախ պատասխանած․ «Այս հարցի պատասխանը այն ժամանակ կարող ենք տալ, երբ աչքի առաջ ունենանք մեր ժողովրդի անցեալը։ Որովհետեւ այնտեղ կարելի է որոշել միայն ժողովրդի հոգու բնորոշ գծերն ու յատկութիւնները, այնտեղ է պատկերանում ժողովրդի հոգեւոր կեանքի եւ ընդհանուր քաղաքակրթութեան մէջ ցոյց տուած զարգացումը»։ Յետոյ՝ «․․․հայ ժողովրդի հոգեւոր հայրենիքը Հայց․ եկեղեցին է», գրած է, զայն ճանչնալով իբր բազմադարեան բովանդակիչը հայութեան հոգիին «բնորոշ» գիծերուն եւ յատկութիւններուն։ Յովսէփեանց Վարդապետ այն «բնորոշ» գիծերուն եւ յատկութիւններուն նկարագրականը չէ ըրած, ինչպէս ըրած էր իր սիրելի ուսուցիչը՝ Օրմանեան Արքեպիսկոպոս, այն օրերուն՝ երբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն կ’անցնէր Հայց․ Առաքելական Եկեղեցի։ Իր համոզմամբ, անով սկսած է հայ ժողովուրդի «գիտակցական քաղաքակրթութիւն»ը։ Եւ հայ մատենագրութեան առաջին յիշատակարան Ս․ Գիրքին թարգմանութեան վրայ՝ դարեր ու դարեր սերունդներ կրթուած էին, գիտութիւն եւ արուեստ զարգացուած էր, մարդասիրական հաստատութիւններ կանգնած էին, ու ծառայութիւններ մատուցուած։ Այսպիսին էր Հայ եկեղեցւոյ անցեալը։ Սակայն միայն անցեալին վրայ հիանալը՝ բաւարար չէ։ Կարելի չէ «հին կեանքով վերածնուել»։ Անշուշտ պէտք է գիտնալ, որ «հին»ին մէջ կան բարիքներ, որոնք իւրացուելու պարագային՝ «կենդանի ներգործութիւն» կրնան ունենալ։ Յառաջդիմութիւնը «շղթաների կապակցութիւն է․ նոր օղակը պէտք է կապուի հնի հետ, եւ այսպէս շարունակուի անընդհատ»։ Ինչպէ՞ս։ Մեր նախնեաց հոգիներուն մեզի գործակից ըլլալովը։ Գրած է․ «Հայոց հայրապետների եւ վարդապետների հատընտիր շարքերը, հայրենիքի անձնուէր նահատակները պէտք է յարութիւն առնեն մեր հոգու մէջ եւ խրախոյս հանդիսանան վերածնութեան, մի պայծառ եւ վսեմ քաղաքակրթական կեանքի նորոգման»։
Հայ եկեղեցւոյ կամ հոգեւոր հայրենիքին քաղաքացիները կոչուած են ոչ թէ «անտարբեր հանդիսատես» ըլլալու իրենց սրբազան հաստատութեան քայքայումին, այլ «սիրոյ ու երախտագիտութեան անձնուէր զգացումով» իւղ պէտք է բերեն անոր դարաւոր «մշտավառ կանթեղ»ին, որպէսզի անիկա «աւելի պայծառ լոյս տայ, եւ իւր հօտի ճշմարիտ, բարոյական վերածնութեան աղբիւրը դառնայ»։ Իւղ բերել, այսինքն՝ «նոր եւ ժամանակի պահանջների համեմատ» սեփական ներդրումը ունենալ․․․։ Հոգեւոր հայրենիքին բոլոր հաւատաւորներուն ներդրումները կը յաջողին «պատուար» կանգնել «օտար, հզօր հոսանքների դէմ՝ ազգային ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու համար»։ Գարեգին Վրդ․ Յովսէփեանցի ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանումը՝ ինքնաբանտարկումի գաղափարաբանութիւն մը չէ, այլ իբր աղ՝ կեանքի երեւոյթներուն համեմումի պահպանումը, այլ խօսքով՝ տեւաբար համեմումի, հայեացքը՝ դէպի նորը, Աստուծոյ հաճելին, ուստի՝ մարդասիրականը։
Բ․
Գարեգին Վրդ․ Յովսէփեանցի «Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը» յօդուածէն եօթ տարիներ ետք է, որ Վահան Տէրեան գրած է իր «Հոգեւոր Հայաստան»ը, եւ Թիֆլիսի «Մշակ» պարբերականին 1914-ի Դեկտեմբերեան վերջին թիւերուն մէջ լոյս ընծայած։
Յօդուածը կը մեկնի Հայկական Հարցին շուրջ վերարծարծուող վիճաբանութիւններու ակնարկով մը։ Հարցը այն ատեն կլանած էր հայութեան բոլոր խաւերուն ուշադրութիւնը։ Գրած է․ «Ամէն մի հայ ներկայ տագնապալի ու աղէտաւոր ժամին բնականաբար ջանում է թափանցել մշուշոտ ու անյայտ ապագայի խորքը իր հիւանդագին տարակուսանքների լուծումն որոնելով»։ Հայութիւնը այնքան ոգեւորուած էր տեսակ մը «կրօնական գունաւորում ստացած» Հարցին դրական լուծման ցնորքով, որ եթէ անգամ «Հայաստան» կոչուած «դժբախտ երկրում» ոեւէ հայ չմնար՝ դարձեալ պիտի կիզուէր նոյն իղձերով։ Ինք զայն հասկցած էր իբր «տարաբախտ» եւ «չարաբախտ» Հարց։
Ապա քննադատած է հայ մտաւորականութիւնը, թէ՛ «ազգային»ը եւ թէ՝ «բուրժուական»ը։ «Ազգային»ը (հասկնալ՝ ազգայնականը, բայց ոչ ցեղապաշտական առումով, այլ իբր ազգին ազատագրութեամբ, ազգաշինութեան եւ հայրենաշինութեան մտահոգութեամբ տոգորուածը), որ «մի խոշոր» եւ «իշխող հոսանք» էր, մշակած էր տեսակէտ մը, ըստ որուն «թուրքահայ խնդրի լուծման հետ է կապուած հայութեան ամբողջ ապագայի հարցը», ներառեալ՝ մշակոյթի, որ ըստ իրենց՝ «վճռական դեր» ունէր հայութեան կեանքին մէջ, որովհետեւ հայութեան «գլխաւոր կուլտուրական կենտրոն»ն էին Էրզրումը, Վանը, Մուշը, մի խօսքով՝ Թուրքաց Հայաստանի կենտրոնները»։ Տէրեան մերժած է այս տեսակէտը, գրելով․ «ինձ համար միանգամայն անընդունելի էր այդ կոնցեպցիան՝ ոչ միայն իբր մտածողութիւն, այլեւ իբր զգացողութիւն»։ Իր մերժումը՝ անտարբերութիւն մը չէր հանդէպ «Թուրքաց Հայաստան»ի ազգակիցներուն ցաւին ու տանջանքին։ Ինք եւս կ’ուզէր ճչալ՝ իր սիրելի ազգակիցներուն ցաւը զգալով․ ինք եւս կ’ուզէր աղաղակել՝ տեսնելով անոնց կրած տանջանքը։ Սակայն կը խորհէր, թէ ճիչ ու աղաղակ ապարդիւն էին։ Ինք եւս շահագրգռուած էր անոնց ազատագրումով։ Իսկ մշակոյթին առնչութեամբ՝ կը խորհէր համահայկական եզրով զայն ըմբռնել։
«Բուրժուական ինտելիգենցիա»-ի բռնած դիրքը տեսած էր իբր «աւելի տարօրինակ թիւրիմացութիւն»։ Մինչ «ազգային» մտաւորականութիւնը իր գաղափարաբանութեամբ կ’ուզէր «հայութեան ճակատագիրը միանգամից լուծել, մի հարուածով կտրել այդ գորդեան հանգոյցը, մի հերոսական ճիգով վերջ դնել ծանր ու տարտամ վիճակին»՝ «բուրժուական»ը յստակ չէր, թէ ի՞նչ կը կամենար։ Անիկա ապազգայնացած էր։ Անոր համար գոյութիւն չունէր հայ մշակոյթ․ անտեղեակ էր հայ մշակոյթի գլխաւոր գործօններուն – լեզուին, գրականութեան, արուեստին․ «այն ամէնին՝ ինչ մի ազգի կուլտուրան բնորոշող յատկանիշներն են կազմում»։ Անոր ունեցածը շէնքերու հայրենասիրութիւն մըն էր, եւ հեռապատկերը՝ շէնքերու Հայաստան մը, առանց հոգիի։
Յետ քննադատութեանց, գրած է․ «․․․մեր առաջ կայ դեռ մի խոշոր ու վսեմ աշխատանք, գուցէ ոչ այնքան շլացնող ու փայլուն իր արտաքինով, սակայն իմաստալից ու վեհ իր ներքին բովանդակութեամբ»։ Եւ այն աշխատանքը՝ հայութեան հաւաքումն էր եւ կազմակերպումը «գաղափարական իմաստով»։ «Հոգեւոր Հայաստան»ը՝ այն գաղափարականօրէն ժողովեալներու եւ կազմակերպեալներու երկիրն է։
Համաձայն իրեն, ազգ մը կը ստեղծուի իր անդամներուն «ներքին մտաւոր-հոգեկան կապով»։ Արտաքին հնարաւորութիւններէն զատ, անհրաժեշտ է «մի զօրութիւն, մի հոգեւոր մղում», որ մարդիկը կը համախմբէ։ Արտաքին ազատութիւնն ու անկախութիւնը երբեք ազգ չեն ստեղծեր։ Որպէսզի ժողովուրդ մը ազգ ըլլայ՝ պիտի ստեղծէ այն նոր արժէքները, որոնք իր ինքնութեան առհաւատչեաներն են։ Հայութիւնը իր յոյսն ու ապագան պէտք չէ հիմնէ «նիւթական Հայաստան»ի վրայ, այլ՝ «հոգեւոր Հայաստան»ի։ Հայաստանը պէտք է ճոխանայ «հոգու եւ մտքի հպարտութեամբ», իմանալ՝ հոգիի եւ մտքի հպարտութիւն առթող իրագործումներով։
Դիւրին չէ «հոգեւոր Հայաստան»ի կառուցումը, անիկա ծանր ու տեւական աշխատանք կը պահանջէ, «անթիւ կեանքերի տոկուն հաւատ եւ գիտակցութիւն»։ Անիկա թէեւ անարիւն կառուցում է, «բայց ազնիւ, գուցէ աւելի դժուար, աւելի ահաւոր զոհաբերում՝ քան արիւնի զոհաբերումը»։ Իր հերոսները՝ «ոգու ասպետներ»ն են, անունով յիշած է Րաֆֆին, Գրիգոր Արծրունին, Միքայէլ Նալբանդեանը եւ՝ Պետրոս Դուրեանը։
Ինք վկայ մըն էր «աւերակների երկիր» Հայաստանին, նաեւ վկայ մը՝ աւերուած կիսամեռ «հոգեւոր Հայաստան»ին։ Ի՞նչ պէտք էր ընել։ Իր կոչն էր, որ իւրաքանչիւր հայ քննէ իր սիրտը եւ նայի, թէ «կա՞յ արդեօք այնտեղ հաւատ», որով կարելի պիտի ըլլար կենդանացնել «հոգեւոր Հայաստան»ը։ Եթէ չկար, ապա՝ զուր էին բոլոր ջանքերը։ Անիկա միայն կը կենդանանայ, երբ «մի նոր ու առաւել բարձր տենչանքով, մի պարզ ու խորին գիտակցութեամբ, մի անսասան բաղձանքով» կը յաղթահարէ արտաքին արգելքներն ու խոչընդոտները, եւ կամքով, հաւատքով ու անխախտ գիտակցութեամբ կը ստեղծէ իր նոր արժէքները։
Երբ «հոգեւոր Հայաստան»ը կամ գաղափարական Հայաստանը կենդանի ըլլայ՝ կենդանի կ’ըլլայ նաեւ նիւթական Հայաստանը։
(Շարունակելի 1)