ՀՅԴ ՀԵՄ․ Երեւանի մէջ Արցախի դրօշին դէմ պայքարը կը շարունակուի
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարեց, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն շարունակուող գործողութիւնները վերածուած են «կատաղի մարտերու Արցախի դրօշին դէմ»։
ՀԵՄ-ի հաղորդագրութեան համաձայն, արդէն երրորդ օրն է, որ Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակէն կը հեռացուի Արցախի դրօշը, որ 2022-ին տեղադրուած էր քաղաքացիներու կողմէ։ Միութեան անդամները իւրաքանչիւր անգամ անմիջապէս կը վերականգնեն զայն՝ նոր դրօշ բարձրացնելով հրապարակին մէջ։
Յունիս 24-ի երեկոյեան, դրօշը երրորդ անգամ հեռացուելէ ետք, ՀԵՄ անդամներ փորձած են դարձեալ վերականգնել զայն։ Այդ ընթացքին բերման ենթարկուած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երկու անդամներ։
«Արձանագրենք, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է իրականութիւն մը, ուր Արցախի դրօշը ծածանելու համար հայ երիտասարդներ բերման կ’ենթարկուին», նշուած է ՀԵՄ-ի յայտարարութեան մէջ։
Միութիւնը շեշտած է, որ պատահածը «պարզապէս հերթական միջադէպ մը չէ», այլ՝ հերթական յարձակում մը ազգային խորհրդանիշերու դէմ։
«Որքան ալ փորձեն ջնջել ազգային յիշողութիւնը, այն հայրենիքը, որ մենք պիտի կերտենք մեր պայքարին արդիւնքով, հիմնուած պիտի ըլլայ մեր արժէքներուն եւ պատմական ճշմարտութեան վրայ։ Այդ հայրենիքին մէջ Արցախի դրօշը միշտ պիտի ունենայ իր արժանի եւ անփոխարինելի տեղը՝ իբրեւ պայքարի, յիշողութեան եւ ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշ», եզրափակած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ը։