«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին եւ այդ ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու եւ թղթածրարներու:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել, իսկ լիբանանահայութեան թիւը` նուազում, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա տպաւորութիւն է: «Օրինակ, Պէյրութի մէջ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին 1100 հոգի նուազած է հայութեան թիւէն, որ բնական է` մահուան պատճառով: Ճիշդ է նաեւ, որ արտագաղթի հարց գոյութիւն ունի, սակայն անիկա ընդհանուր լիբանանեան հարց է, սակայն արտագաղթող լիբանանցիները տակաւին քուէարկողներու ցուցակներուն վրայ արձանագրուած են: Յատկապէս վերջին երկու տարիներուն ընթացքին բարձրացած է արտագաղթող լիբանանահայերուն թիւը, այնպէս ինչպէս է քրիստոնեայ այլ համայնքներու զաւակներուն պարագային: Արտագաղթող լիբանանահայութեան մէկ մասը ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, սակայն մեծ տոկոսը ուղղուեցաւ Հայաստան: Այս տեսանկիւնէն պէտք է նայիլ արձանագրուած նահանջին, եւ ոչ թէ իբրեւ հայ քաղաքական կուսակցութեան դերակատարութեան նահանջ: Տակաւին կանք, կը գործենք, ունինք քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գործունէութիւն, սակայն տիրող պայմանները որեւէ կուսակցութեան կամ համայնքի պարագային չեն արտօներ, որ անոնք կատարեն այն, ինչ որ կ՛իրագործէին երեք կամ չորս տարի առաջ», շեշտեց ան:

ՀՅԴ-ի դաշնակիցներուն կողմէ դուրսի արձանագրութիւններուն շուրջ սրտնեղութեան մասին հարցումին պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ սրտնեղութիւն բառը բաւական ուռճացուած է: Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով այլ երկիրներու մէջ գտնուող լիբանանահայերուն արձանագրութեան սակաւութիւնը կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով. «Արձանագրութեան հիմքերը բաւական անորոշ էին, եւ որովհետեւ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող երեսփոխաններուն մէջ հայ ներկայացուցիչ մը նկատի չէ առնուած, ապա Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ կամ որեւէ այլ երկիր գտնուող լիբանանահայ մը հարց կու տայ, թէ ինք ինչո՞ւ պէտք է արձանագրուի: 2017-ին, երբ այս օրէնքը վաւերացուեցաւ, ես անձամբ ընդդիմացայ եւ կեցուածք արձանագրեցի, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնարարեց, որ սպասեմ չորս տարի` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ»:

Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի հաստատեց նաեւ, որ 2018-էն 2022 թիւերը 50 առ հարիւրով բարձրացած են: «Այսինքն` 2018-ի ընտրութիւններուն երկու հազար արտերկրի լիբանանահայեր արձանագրուեցան, իսկ այս տարի արձանագրուած են 2988 լիբանանահայեր», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս օրերուն կարելի չէ արտագաղթը արգիլել: «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տուաւ որոշում մը, որուն համաձայն, Լիբանանէն իր անդամներուն արտագաղթը համազօր էր իր խրամատէն զինուորներու փախուստին: Հետեւաբար ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշեց հեռացնել Լիբանանէն արտագաղթող իր անդամները, եւ այդ որոշումը գործադրութեան դրուեցաւ 1979-էն սկսեալ: Օրին մեծ թիւով կուսակցականներ, նոյնիսկ ղեկավարներ կորսնցուցինք եւ արգիլեցինք անոնց փոխանցումը դէպի այլ շրջաններու մէջ գործող ՀՅԴ կառոյցներ կամ ուղեկից միութիւններ», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այսօր «Քորոնա»-ի համաճարակէն, տնտեսական սուր տագնապէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք  կարելի չէ արգիլել արտագաղթը:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով մեծ թիւով հայեր մայրաքաղաքի թէ Պուրճ Համուտի մէջ տուժեցին եւ նիւթական վնասներ կրեցին, հետեւաբար անոնք որոշեցին արտագաղթել: Մեր թելադրանքը այդ էր, որ եթէ որոշած էք արտագաղթել, ապա նախընտրաբար ուղղուիք Հայաստան: Հոս գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու շրջագիծին մէջ այցելած եմ Հայաստան: Նաեւ կը հաստատեմ, որ հայ քուէարկողներուն թիւը պիտի չնուազի», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն նկատումին, թէ Պուրճ Համուտի հայութենէն պարպուիլը տկարացուցած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանահայերը կ՛ապրին տարբեր շրջաններու մէջ: «Այսինքն` Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Պուրճ Համուտ, Մեթն, Թրիփոլի, Զահլէ եւ Այնճար: Հետեւաբար Պուրճ Համուտի մէջ բնակող հայութեան չափ եւ անկէ աւելի հայութեան ներկայութիւն կայ մնացեալ շրջաններուն մէջ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այլ գործիչներու գոյութեան եւ քաղաքական կեանքին մէջ անոնց ապահոված ներկայացուցչութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ բոլորին իրաւունքն է քաղաքական եւ ընկերային ասպարէզի մէջ գործել:

Ան աւելցուց սակայն, որ ոմանք իրենց ընկերային աշխատանքները կը շուկայադրեն, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդպիսի ոճով չի գործեր: «Հոս կ՛ուզեմ անդրադառնալ, որ ՀՅԴ-ն մնայուն կերպով կը կատարէ այդ աշխատանքը եւ ոչ ընտրական նկատառումներով: Օրինակ` «Քորոնա»-ի համաճարակի օրերուն ՀՅԴ-ն կազմեց շտապ մը եւ գործեց «Տունը մնա՛» կարգախօսով, ան կրցաւ հասնիլ 6 հազար մարդու օգնութեան` անոնց ապահովելով սննդեղէն, հականեխման հեղուկներ, թթուածինի սարքեր, հիւանդանոցային ծառայութիւն եւ այլն: Ո՞վ իմացաւ այդ մասին: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին այցելեցի աղէտի գօտի նկատուող բոլոր շրջանները, եւ հոն մարդիկ` լիբանանցիներ եւ ոչ անպայման հայեր, իրենց բնակարանները բացին դիմացս` հաստատելով, որ զիս սիրով կ՛ընդունին, որովհետեւ առանց քամերայի գացած եմ իրենց մօտ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ամիսներ առաջ «Միասին» քարտին մեկնարկը կատարեց` կանոնաւորելու համար լիբանանահայութեան տրուած օժանդակութիւնները եւ արդար կերպով բաժնելու համար այդ նպաստները, որոնք հասան 8 հազար ընտանիքներու: Մենք մեր աշխատանքը չենք ծանուցեր, եւ ատիկա մեր նպատակը չէ», հաստատեց ան:

Պուրճ Համուտի մէջ լիբանանահայութենէն բացի օտար ինքնութիւններ ունեցող բնակիչներու մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ պատկերը կը վերաբերի ամբողջ Լիբանանին, ուր լիբանանցիներուն թիւը միշտ քիչ է` նկատի ունենալով գաղթականները, տեղահանուածները, օտարերկրացի աշխատաւորները եւ այլն:

Կեդրոնանալով Պուրճ Համուտի մէջ բնակող օտարերկրացի աշխատաւորներուն վրայ` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 8 տարի առաջ յատուկ կարգադրութիւններ եղան այն բնակարաններուն պարագային, ուր տասնեակ մը օտար աշխատաւորներ վարձով կը մնային, «որովհետեւ անոնց կեցութիւնը հայ ընտանիքներով բնակուած շէնքերուն մէջ խոտոր կը համեմատէր ընտանեկան մեր աւանդութիւններուն: Օրին մեծ թիւով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ աղմուկ բարձրացուցին, թէ մենք ցեղապաշտ ենք: Մենք ցեղապաշտ չենք, սակայն չենք ընդունիր, որ մեր բնակութեան շրջաններուն մէջ գան եւ բնակութիւն հաստատեն երիտասարդներ, որոնք մեր աւանդութիւններուն անյարիր կենցաղ ունին», հաստատեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական յարաբերութիւնները բան մըն են, իսկ ընտրական յարաբերութիւնները` այլ բան: «Հետեւաբար պէտք է զանազանել քաղաքական եւ ընտրական դաշնակիցին միջեւ: 2005-ին եւ 2009-ին երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացան մեծամասնական դրութեան հիման վրայ, սակայն 2018-ին որդեգրուեցաւ համամասնական դրութեան հիմամբ ընտրական օրէնք մը: Համամասնական ընտրական օրէնքը այլ խօսքով կարելի է կոչել «իւրաքանչիւրը իր հաշուոյն կը գործէ»-ի օրէնք, նոյնիսկ նոյն ընտրացանկին պարագային: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը քննարկեն իրարու յաջողութեան կարելիութիւնները: Այսինքն` ոչ մենք կ՛ուզենք ձախողիլ եւ ո՛չ ալ Ազգային ազատ հոսանքը կը փափաքի ձախողիլ: ՀՅ Դաշնակցութեան եւ հայկական քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն իրաւունքն է բարելաւել իրենց ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ: Ուրեմն համաձայնեցանք Ազգային ազատ հոսանքին հետ մեր ժամանակը առնել` իւրաքանչիւրին կողմէ սերտելու համար յաջողութեան կարելիութիւնները, ընտրական համեմատութիւնները, քուէներու պատկերները, միջինները, թիւերը եւ այլն, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՛ր քայլին դիմելը ամէնէն շահաբերն է` երկու կողմերուն յաջողութիւնը ապահովելու իմաստով», ըսաւ ան:

ՀՅԴ-ի կողմէ Միշել Էլիաս Մըրի հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պէտք է յստակացնել, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Մըր ընտանիքին միջեւ յարաբերութիւնները գոյութիւն ունին իմ ծնունդէս ալ առաջ, հետեւաբար անոնք պատմական յարաբերութիւններ են, որոնք երբեմն թիւրիմացութիւններու դէմ յանդիման գտնուած են: Նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր եւ զաւակը` Միշել Մըր այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նստավայր, ուր անձամբ յայտարարեցի, որ մենք բաց ենք բոլորին հետ գործակցելու: Մենք կը սերտենք ընտրական կացութիւնն ու մթնոլորտը, որովհետեւ կը ձգտինք ներկայացուիլ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ մենք ընտրական դաշինքներու կարելիութեան մասին կը խորհրդակցինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, եւ տակաւին վերջնական ոչ մէկ որոշում տրուած է` ո՛չ դաշինքներու առումով, ո՛չ ալ թեկնածուներու»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք ունեցած է եւ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` քաղաքական տարբեր թեւեր ներկայացնող անձնաւորութիւններու եւ ղեկավարութիւններու հետ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ճշդել ՀՅԴ-ի ընտրական դաշնակիցները:

Մեթնի մէջ Լոռի Հայթայեանի թեկնածութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ան ՀՅ Դաշնակցութեան համար անծանօթ անձնաւորութիւն մը չէ: «Սակայն ան իրաւունք ունի թեկնածութիւն առաջադրելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին բնոյթը կը պարտադրէ, որ կուսակցական յանձնառութեան տակ չեղող անձնաւորութիւններ եւս յաղթանակ արձանագրեն եւ ներկայացուին խորհրդարանին մէջ:

«2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին շատեր քննադատեցին զիս: ՀՅԴ-ի կազմակերպած ընտրական վերջին միթինկին ընթացքին արտասանած խօսքիս մէջ ըսի, որ եթէ պիտի քուէարկեն, ապա մեր փափաքն է, որ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն քուէարկեն, եւ աւելցուցի, որ եթէ մեր թեկնածուները չէք փափաքիր ընտրել, ապա ընտրեցէ՛ք հայ քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն թեկնածուները: Այս կեցուածքը հիմնաւորուած է այն գաղափարին վրայ, որ կուսակցութիւնը ներքին հաշուետուութեան կ՛ենթարկէ իր երեսփոխանը, այսինքն` ժողովուրդին կողմէ հաշուետուութեան ենթարկուելէ, չորս տարի սպասելէ ետք` վերընտրելու կամ չընտրելու որոշում տալէ առաջ, կուսակցութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ հաշուետուութիւն կը պահանջէ: 2005-էն ի վեր երեսփոխան եմ, 2015-էն ի վեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եմ եւ հաւասար եմ Կեդրոնական կոմիտէի որեւէ ընկերոջ: Իմ բոլոր կեցուածքներուս, յայտարարութիւններուս, որոշումներուս եւ խորհրդարանին մէջ կատարած քուէարկութիւններուս համար հաշուետու եմ կուսակցութեան. անոր ամէնէն կրտսեր անդամէն մինչեւ երիցագոյնը, երիտասարդական թեւէն, ուսանողական միաւորէն մինչեւ կոմիտէները, հասնելով մինչեւ Կեդրոնական կոմիտէ», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայ երեսփոխանը ունի երկու պաշտօն` ներկայացնել լիբանանցիները եւ պաշտպանել լիբանանահայութեան իրաւունքները:

«Պէտք է նաեւ իմանալ, որ մենք կ՛ապրինք վտանգաւոր կացութեան մէջ: Ոչ ոք թող հաւատայ, որ մենք խաղաղ օրեր կ՛ապրինք, այլ` պատերազմի մէջ ենք. չեմ խօսիր միայն տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային պատերազմի մասին, այլ նաեւ` ապահովական եւ զինուորական մակարդակով տիրող լարուածութեան մը մասին, որ կրնայ որեւէ կայծով բռնկիլ: Կը խօսիմ քաղաքացիական եւ արտաքին պատերազմի մասին, եւ ես մտավախութիւն ունիմ, որ պատերազմը որեւէ երկվայրկեանի ընթացքին կրնայ բռնկիլ», շեշտեց ան` հարց տալով, որ եթէ Վիեննայի բանակցութիւնները, կամ Սէուտական Արաբիա-Իրան խորհրդակցութիւնները անելի մատնուեցան, ի՞նչ կ՛արգիլէ, որ Լիբանանի մէջ պատերազմ սկսի:

Լիբանանի ներկայ իշխանութեան աւարտին եւ ձախողութիւններուն ու անոնց պատճառով ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական դաշինքի խզումին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 1943-էն ի վեր ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է հանրապետութեան նախագահութեան կողքին, որովհետեւ նախագահութիւնն է, որ կը ներկայացնէ պետութեան օրինականութիւնը: «Այսօր զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ է, եւ մենք հարիւր տոկոսով կը զօրակցինք հանրապետութեան նախագահութեան», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայիս քաղաքական պատճառ չկայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ տարակարծիք ըլլալու, հակառակ անոր որ իբրեւ «Հզօր Լիբանան» համախմբումին մաս կազմող երեսփոխանական պլոք մենք մեր իւրայատուկ կեցուածքներն ու որոշումները ունեցած ենք, որոնք յաճախ տարբեր եղած են Ազգային ազատ հոսանքի կեցուածքներէն:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ներկայ հետաքննիչ դատաւոր Թարեք Պիթարով շարունակելու, թէ զայն Նախարարներու եւ նախագահներու դատավարութեան յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին յանձնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի լաւագոյն ձեւը նկատեց բոլորը ընդգրկող դատական մէկ համակարգի որդեգրումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.