Հայ Դատի յանձնախումբը կ’աջակցի Հայաստանի անվտանգութեան եւ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան վերաբերեալ գոնկրէսական փոփոխութիւններուն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.— Ուաշինկթընէն կը հաղորդուի, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր աջակցութիւնը յայտնած է 2027 տարեշրջանի ազգային անվտանգութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն ներկայացուած վեց հայանպաստ փոփոխութիւններու, որոնք կը նպատակադրեն ամրապնդել Հայաստանի անվտանգութիւնը, սահմանափակել Միացեալ Նահանգներու ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկել հայ ռազմագերիներու ապօրինի կալանաւորման, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական ժառանգութեան ոչնչացման համար։

Փոփոխութիւնները ներկայացուցած են Գոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոն եւ Կաս Պիլիրաքիս, փոխնախագահ Պրատ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Կէյպ Ամօ եւ Ճիմ Քոսթա։

Առաջարկուած փոփոխութիւնները կը պահանջեն հայ ռազմագերիներու, քաղաքացիական պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի ճանաչումը։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ այս նախաձեռնութիւնները յստակ պատգամ կը փոխանցեն, թէ ամերիկացի հարկատուներու միջոցները պէտք չէ ծառայեն Ատրպէյճանի յարձակումներուն, բռնագրաւման եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն։

Ներկայացուած փոփոխութիւնները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի քննարկուին Ներկայացուցիչներու տան կանոնակարգի յանձնախումբին կողմէ։