«Հայաստան» դաշինքը մեկնարկեց իր քարոզարշաւը

Այսօր Էջմիածինի մէջ, յունիս 7-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը մեկնարկող «Հայաստան» դաշինքի հրաւիրած հանրահաւաքին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ իրենց նպատակը աթոռ կամ պաշտօն ձեռք բերելը չէ, այլ Հայաստանը ներկայ ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս բերելը։

Սաղաթէլեան շեշտեց, որ «135-ամեայ քաղաքական ուժը» եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը շարժին ազգային պատասխանատուութեան զգացումով՝ ժողովուրդին, անցեալին եւ ապագային հանդէպ։

«Ձեր ընտրութիւնը շատ պարզ է․ մէկ կողմէ կանգնած են հայրենիքի դաւաճանները, միւս կողմէ՝ ազգային պետական գործիչները, մէկ կողմէ՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, միւս կողմէ՝ տիրադաւները, մէկ կողմէ կանգնած են Արցախը յանձնողները, միւս կողմէ՝ Արցախը ազատագրողները․․․, մէկ կողմէ՝ այլասերուած բարքերը, միւս կողմէ՝ ազգային արժէքները»,– իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան։

Յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը պաշտօնապէս սկսաւ այսօր։ Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուած են 19 քաղաքական ուժեր։