Հայաստանի նոր խորհրդարանը պիտի ունենայ 105 երեսփոխան

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատեց նորընտիր Ազգային ժողովի կազմը, որ պիտի բաղկանայ 105 երեսփոխաններէ։

Յանձնաժողովը ուժը կորսնցուցած նկատեց «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներու այն թեկնածուներուն գրանցումները, որոնք ինքնաբացարկ ներկայացուցած կամ հրաժարած էին իրենց մանդատներէն։

Կազմուեցաւ նաեւ ընտրուած երեսփոխաններու գրանցման եւ մանդատներու յանձնման արձանագրութիւնը։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի ստանայ 64 մանդատ, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 մանդատ։