Հայաստանի արտաքին հետախուզական ծառայութեան ղեկավարը մեկնած է Պաքու
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Արտաքին հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Քրիստիննէ Գրիգորեան մեկնած է Ատրպէյճան՝ մասնակցելու Պաքուի անվտանգութեան 4-րդ համաժողովին։
ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Մելանիա Յարութիւնեան «Ազատութեան» յայտնած է Գրիգորեանի այցին մասին՝ առանց այլ մանրամասնութիւններ հաղորդելու։
Պաքուի անվտանգութեան համաժողովը կը համախմբէ տարբեր երկիրներու հետախուզական եւ անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Այս տարուան՝ չորրորդ համաժողովը նուիրուած է համաշխարհային անվտանգութեան նոր մարտահրաւէրներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութեան հարցերուն։
Յիշեցնենք, որ 2025-ի Սեպտեմբերին եւս Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան այցելած էր Ատրպէյճան՝ մասնակցելու Պաքուի անվտանգութեան 3-րդ միջազգային համաժողովին։