Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական Ա. համագումարը Երեւանի մէջ սկսաւ եռօրեայ իր աշխատանքներուն

Երէկ, Երկուշաբթի, 20 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկին «Արմաւիր» սրահին մէջ սկսան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական Ա. համագումարին աշխատանքները, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու, կազմակերպիչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Կեդրոնական Վարչութեան վեց անդամներու, ընդամէնը՝ 30 մասնակիցներ։

Ծանօթ է, որ այս օրերուն Հայաստան դարձած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու ժամադրավայր։ Համագումարին առընթեր, այսօր, Երեքշաբթի, Աղվերանի մէջ ընթացք կ’առնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բարձրագոյն կարգի՝ «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանին երկօրեայ աշխատանքները։ Երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը նշուի «Հայ մարզիկի օր»ը, իսկ Ուրբաթ օր բացումը կը կատարուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ ընդհանուր բանակումին։

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական Ա. համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։ Պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։

Համագումարի բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ քարոզչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեան։ Ան նշեց, որ համագումարը իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ եւ պարտաւորութիւնը ունի իր քննարկումներով պատասխանել երեք հիմնական հարցումի, թէ այսուհետեւ ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական աշխատանքները եւ ո՞ւր հասնելու համար։ Որո՞նք եւ ի՞նչպէս պիտի առաջնորդեն այդ աշխատանքները։ Եւ վերջապէս, ի՞նչպէս պէտք է օգտագործել միութեան համահայկական ներուժը քարոզչական աշխատանքներու յաջողութեան եւ զարգացման մէջ։

Ապա, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ կլոր սեղանով մը, որուն նիւթն էր՝ «Երիտասարդութիւն, արժէքներ, հասանելիութիւն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն հանրայնացումը Հայաստանի մէջ»։ Կլոր սեղանը վարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Արթիւր Մկրտչեան։ Զրուցակիցներն էին լրագրող, հանրային գործիչ եւ հանրային կապերու մասնագէտ Աստղիկ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Յակոբճանեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի անդամ Անուշիկ Փանոսեան։

ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ

Համագումարի պաշտօնական բացումին յաջորդեցին առաջին օրուան նիստերը, որոնք քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.-

– «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութիւնը երէկ եւ այսօր»՝ զեկուցաբեր Վիգէն Աւագեան։ Նիստը վարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Աստղիկ Աշըգեան։

– «Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներգրաւուածութիւնը արհեստական բանականութեան եւ ցանցային աշխարհի անվտանգութեան աշխարհին մէջ»՝ զեկուցաբեր Ժիրայր Պէօճէքեան։ Նիստը վարեց Գէորգ Յակոբճանեան։

Համագումարը նաեւ առանձին նիստով մը լսեց նախապէս ղրկուած հարցաթերթիկի հիմամբ՝ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն քարոզական աշխատանքներուն ընդհանուր իրավիճակը ներկայացնող զեկուցումը, համապատասխան ախտաճանաչումներով, արժեւորումներով եւ ապագայի գծով առաջարկ-պատկերացումներով։ Զեկուցումը ներկայացուց Գէորգ Յակոբճանեան։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Յետմիջօրէի ժամը 3-ին, համագումարին մասնակիցները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ազգային գրադարան, ուր ծանօթացան 107-ամեայ անոր պատմութեան։ Այցելեցին անոր զանազան բաժինները եւ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Ջուլեանի հետ։

Այս առիթով, համագումարի մասնակիցներուն անունով գրադարանին նուիրուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ական գրականութենէն օրինակներ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարիներու ամբողջական հաւաքածոյին՝ 441 թիւերուն թուայնացած օրինակները եւ մատենագիտութիւնը։ Տարիներու վրայ երկարած երախտաշատ երկու աշխատանք, որուն առաջին օրինակները ունենալու պատիւը շնորհուեցաւ Ազգային գրադարանին։

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանակը՝ Վահանը ներկայացնող յուշանուէր մը եւ նկատել տուաւ, որ Ազգային գրադարանը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը կատարեն հայապահպանման մեծ գործ եւ երկուքին միջեւ կարելի է մշակել գործակցութեան եզրեր, որոնք կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ նորահաս սերունդին ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մասնաւորապէս։

Այսօր, համագումարը իր աշխատանքները կը սկսի Եռաբլուր այցելութեամբ եւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի մասնակիցներուն հետ հանդիպումով, ապա առանձին նիստերով կը շարունակէ իր քննարկումները։ Օրուան ընթացքին մասնակիցները կ’այցելեն Հայաստանի ազգային արխիւ եւ «Երկիր մետիա»։