Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի վերջընթեր հանդիպումը

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի այս տարեշրջանի վերջընթեր հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:00-ը, «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ։

ՓՊԺ յանձնախումբէն Սիլվի Օգճեան պատմեց «Վարագ կ’այցելէ Հայաստան» պատմութիւնը։ Անոր իւրայատուկ պատմելու ոճը ներգրաւեց փոքրիկները, որոնք ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկայացուած պատմութեան եւ անոր հետ միասին մերթ այցելեցին Հայաստանի լեռնաշխարհը եւ մերթ անոր տեսարժան վայրերը։

Ընթերցումէն ետք, Ասօ Մախուլեանի կիթառի ընկերակցութեամբ, մասնակցող փոքրիկները երգեցին մանկական տարբեր երգեր։

Ապա յանձնախումբին առաջնորդութեամբ փոքրիկները հրաւիրուեցան ստեղծագործական աշխատանքի մը, ուր հարց տրուեցաւ իւրաքանչիւր փոքրիկի, թէ եթէ օդանաւը առնելով Հայաստան այցելէին, ո՞ր տեսարժան վայրը պիտի ուզէին այցելել։ Անոնց գծագրութիւնները լոյս տեսան «Հորիզոն» Մանկապատանեկանի Ապրիլի թիւին մէջ:

Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցող փոքրիկնրերուն։

Մեր յաջորդ եւ այս տարեշրջանի վերջին պատմութեան ժամը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, մայիս 15-ին, ժամը 6-էն 7ը։ Արձանագրութեան համար սեղմել հետեւեալ կապը. forms.cloud.microsoft/pages/responsepage.aspx?id=uyP-KnEGR0SuromRd3mPeyeQdoOhMIROm-DYOBnGL1FURFZNN0FZOURJVFZOWUhFTkQ3N1ZBSE9EOC4u&route=shorturl

Անհամբեր կը սպասենք ձեզ բոլորդ:

ՓՊԺ յանձնախումբ