Հաճիեւ գրաւեալ Արցախէն կը խօսի Փաշինեան-Ալիեւ «կառուցողական» հանդիպումին մասին
- (0)

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպումը անցած է «շատ կառուցողական մթնոլորտի մէջ»։
Հաճիեւ այս մասին ըսած է գրաւեալ Արցախ այցելած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն՝ անդրադառնալով օգոստոս 31-ին Պիշքէքի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին։
Ըստ անոր՝ կողմերը համաձայնած են շարունակել երկկողմ փոխգործակցութիւնը՝ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու, փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ առեւտրական կապերն ու փոխադրական հաղորդակցութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Ան նաեւ պնդած է, թէ երկու երկիրները «արդէն վարժուած են խաղաղութեան պայմաններու մէջ ապրելու»։
Պիշքէքի հանդիպումէն ետք Երեւանն ու Պաքուն նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններով ընդգծած էին նախորդ տարի ստորագրուած Ուաշինկթընի հռչակագրին եւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրին «պատմական նշանակութիւնը»։ Սակայն խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան մասին յիշատակում չէր եղած։ Պաքու կը շարունակէ իբրեւ նախապայման առաջադրել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։
Հաճիեւ նաեւ կ՚ուղեկցի երկօրեայ այցելութեամբ գրաւեալ Արցախ մեկնած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն։ Ատրպէյճանական կողմը կը յայտնէ, որ անոնց պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ իրականացուող շինարարական ու ենթակառուցուածքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան աշխատանքները։
Մինչ անկախ ուսումնասիրութիւններ բազմիցս փաստագրած են հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէպքեր, Հաճիեւ պնդած է, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի այլ տարածքներու ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանուած է երկրի օրէնսդրութեամբ։