Հալէպի մէջ կայացաւ «Արդարացի լուծում- հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան  արաբերէն թարգմանութեան ներկայացումը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 24 Մարտ 2022-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արդարացի Լուծում-Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան Հալէպի մէջ պատրաստուած եւ տպուած արաբերէն թարգմանութեան ներկայացումը։
 
Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի մուֆթին, Կրօնական կալուածներու տնօրէնը, հայ, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Սուրիոյ Պաաս, ազգային եւ համայնավար կուսակցութեանց, ինչպէս նաեւ Աղեքսանտրեթի միութեան եւ այլ հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հալէպահայ միութիւններու եւ տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Հալէպի համալսարանի դասախօսներ, դեկաններ, Սուրիոյ ազգային լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէնը, իրաւաբաններ եւ արհմիութիւններու ներկայացուցիչներ։
 
Բացման խօսքով փաստաբան Պայքար Թովմասեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումի իրաւական հետապնդման կարեւորութիւնը։
 
Ապա «Արդարացի Լուծում -Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան արաբերէն թարգմանութիւնը ներկայացուց թարգմանիչը՝ իրաւաբան, Հալէպի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Սպհի Ճորճ Տիպօ։
Ան ներկայացնելով հրատարակութեան բոլոր բաժինները յայտնեց, որ թարգմանութիւնը առիթ հանդիսացաւ Հայոց պահանջատիրութեան, հայ Դատի իրաւական հիմքերուն ծանօթանալու եւ շեշտեց, որ զեկոյցը պատրաստուած է չէզոք օտար ակադեմականներու կողմէ, յստակօրէն կը մատնանշէ միջազգային օրէնքի հիման վրայ հայոց Ցեղասպանութեան ոչ թէ ճանաչման տուեալները, այլ արդէն իսկ ճանչցուած ու ՄԱԿ-ի 1948-ի պայմանադրութեան սկզբունքներուն հիման վրայ հաստատուած իրողութիւն ըլլալուն հետեւանքով հայ ժողովուրդի հատուցման իրաւական հիմքերն ու միջոցները։
 
Իրաւաբանը փափաք յայտնեց գործակցելու Հայ Դատին նուիրուած իրաւական տարբեր աշխատանքներու պարագային, ծանօթացնելու հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը հանրութեան եւ իրաւական շրջանակներու։
 
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ խորհրդարանին, որ երկու տարի առաջ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ապա բարձր գնահատեց գիրքի արաբերէն թարգամանութիւնը իրականացնող դոկտ. Սպհի Սալեհին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Սուրիա հաստատուած ու աշխարհով մէկ տարածուած հայ ժողովուրդը, ուր որ գնաց պատմեց իր ապրած ողբերգութիւնը տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու, տարբեր լեզուներով։ Ընտելացաւ նոր կեանքին հետ, սակայն չմոռցաւ իր ցաւը ու մեր մեծ մայրերն ու հայրերը մեզ պատմեցին կորուսեալ մեր հայրենիքին եւ Ցեղասպանութեան սարսափին մասին։ Հազարաւոր գիրքեր գրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Իսկ մենք, աշխարհով մենք հետապնդեցինք մեր դատը, պահանջեցինք մեր իրաւունքները ու պիտի շարունակենք պահանջել, նոյնիսկ եթէ Թուրքիան փորձէ կաշառել մեզ, խաբել տարբեր լուծումներ առաջարկելով։ Մեր իրաւունքները անկոռնչելի են ու մենք տէրն ենք մեր ժառանգութեան, ժամանակն ու փոխուող քաղաքական պայմանները չեն կրնար վերացնել մեր յիշողութիւնն ու պահանջատիրութեան կամքը։
Ապա ըսաւ, որ այս գիրքը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքները կ՚արտացոլէ, այլ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական միջոցները կը ներկայացնէ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.