Կռփամարտ. Եւրոպայի Աւագ Տարիքի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Խմբային Դասաւորման Մէջ

Իտալիոյ մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:

Հայրենի կազմը իր ելոյթները աւարտեց 5 մետալով (երկու ոսկի, մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ):

Ոսկիէ մետալակիր դարձան Վաղարշակ Քեյեան (46 քկ) եւ Էրիկ Առստամեան (52 քկ):

70 քկ դասակարգին մէջ, Երանոս Օհանեան քիթի վնասուածքի պատճառով չկրցաւ աւարտականի մրցումին մասնակցիլ, եւ անոր վիճակուեցաւ արծաթ մետալը:

Վերջապէս, պրոնզէ մետալակիր դարձան Դաւիթ Սաֆարեան (50 քկ) եւ Ռաֆայէլ Ներսիսեան (60 քկ):

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.