Ծառուկեան կը բացառէ հետընտրական համագործակցութիւնը Փաշինեանի հետ
- (0)

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան բացառած է ընտրութիւններէն ետք «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի հետ համագործակցելու կարելիութիւնը՝ նշելով, թէ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանին միացած էր անոր խոստումներուն հաւատալով, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը իրականացուած է։
Ծառուկեան նաեւ քննադատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը՝ զայն որակելով «սեւագրութիւն» եւ պնդելով, թէ անիկա անվտանգութեան երաշխիքներ չի պարունակեր։ Ան ըսած է, թէ կայուն խաղաղութիւն կարելի է ապահովել միայն միջազգային երաշխաւորութեամբ՝ նշելով Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը։
ԲՀԿ առաջնորդը պնդած է, թէ ունի անհրաժեշտ կապերն ու հնարաւորութիւնները այդ պետութիւնները մէկ սեղանի շուրջ համախմբելու համար։
Արտաքին քաղաքականութեան մասին հարցումներուն պատասխանելով՝ Ծառուկեան պաշտպանած է Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն՝ ընդգծելով, թէ ան միշտ աջակցած է հայերուն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ յոյսեր կապելու համար՝ նշելով, թէ «Մաքրոն այսօր կայ, վաղը՝ ոչ»։
Անդրադառնալով ընտրութիւններուն՝ Ծառուկեան ընդունած է, թէ ԲՀԿ-ն կրնայ նոյնիսկ չյաղթահարել անցողիկ շեմը։