Խմբագրական. Վեց տարի ետք՝ յիշողութենէն դէպի ռազմավարութիւն
- (0)

44-օրեայ պատերազմի վեցերորդ տարելիցը զուգադիպեցաւ Երեւանի մէջ գումարուած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովին։ Այս զուգադիպութիւնը բնական առիթ ստեղծեց անցնող վեց տարիները վերարժեւորելու եւ պատերազմին ու անոր յաջորդած զարգացումներուն քաղաքական հետեւութիւնները համադրուած ձեւով քննելու։
2020-ի պարտութիւնը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ հայկական համազգային իրականութեան վրայ։ Ան բացայայտեց անվտանգային, դիւանագիտական եւ քաղաքական լուրջ թերութիւններ, իսկ յաջորդող տարիները ցոյց տուին, թէ որքան դժուար է կորուստը վերածել հետեւողական քաղաքական աշխատանքի։ Արցախի հայաթափումը, գերիներու հարցը, հայկական մշակութային ժառանգութեան վտանգուած վիճակը եւ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական դիրքերու աստիճանական նահանջը այսօր կը պահանջեն ոչ միայն արձագանգ, այլ երկարաժամկէտ եւ համադրուած ռազմավարութիւն։
Հայկական հարցերու արդարացիութիւնը միջազգային քաղաքականութեան մէջ ինքնաբերաբար ազդեցութիւն չի ստեղծեր։ Ան անհրաժեշտ է վերածել կազմակերպուած քաղաքական աշխատանքի՝ խորհրդարաններու, կառավարութիւններու, կուսակցութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակներուն մէջ։ Այդ աշխատանքը կը հիմնուի մասնագիտական պատրաստութեան, տեղական քաղաքական միջավայրի խոր ճանաչման եւ տարիներու ընթացքին հաստատուած վստահելի յարաբերութիւններու վրայ։
Այս իմաստով Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը ունի առանձնայատուկ դեր։ Տարբեր երկիրներու մէջ տասնամեակներով կուտակուած փորձը, քաղաքական կապերն ու կազմակերպական ներկայութիւնը համազգային նշանակութիւն ունեցող կարողութիւն են։ Անոնց ճիշդ օգտագործումը անհրաժեշտ է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու շահերը, գերիներու ազատ արձակման պահանջը, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ հայկական ազգային իրաւունքներու լայն օրակարգը միջազգային օրակարգին վրայ պահելու համար։
Այս պատասխանատուութիւնը աւելի ծանրացած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքով։ Երբ Երեւան կը սահմանափակէ հայկական պահանջատիրութեան շրջանակը կամ կը հրաժարի նախկին հիմնարար դիրքերէ, Սփիւռքի քաղաքական կառոյցներուն առջեւ կը դրուի շարունակականութիւն ապահովելու խնդիրը եւս։
Երեւանի խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը հետեւաբար կը կայանար անցած շրջանի փորձը լրջօրէն արժեւորելու, առկայ կարողութիւնները համադրելու եւ յառաջիկայ աշխատանքի առաջնահերթութիւնները աւելի յստակ ձեւով ուրուագծելու մէջ։ Վեց տարի ետք, պատերազմի յիշատակը իր քաղաքական արժէքը կը ստանայ այնքանով, որքանով ան կը նպաստէ աւելի կազմակերպուած, հետեւողական եւ հեռանկարային աշխատանքին։