Լիլիթ Գալստեան կը զգուշացնէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» գաղափարախօսութեան տարածման մասին

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ահազանգած է, որ մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները քաղաքական օրակարգէն դուրս կը ձգեն հայ ռազմագերիներու վերադարձի, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հարցերը, Ատրպէյճան կը շարունակէ միջազգային հարթակներու վրայ իւրացնել հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը։

Գալստեան անդրադարձած է Փրակայի կեդրոնական հրապարակին մէջ ատրպէյճանական շրջանակներու կազմակերպած բացօթեայ ցուցահանդէսին, ուր Արցախի եւ Հայաստանի պատմական լուսանկարները ներկայացուած են իբրեւ ատրպէյճանցիներու՝ իրենց այսպէս կոչուած «պատմական հայրենիքին մէջ ունեցած մշակութային ներկայութեան» վկայութիւններ։

Պատգամաւորին համաձայն՝ Հայաստանի իշխանութիւններու «պարտուողական եւ անձնատուական դիւանագիտութեան» պայմաններուն մէջ Ատրպէյճան կ՚իրականացնէ նախաձեռնողական եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն՝ փորձելով օրինականացնել Արցախի բռնագրաւումն ու հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։

Գալստեան նաեւ յայտարարած է, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» գաղափարախօսութիւնը արդէն թափանցած է Հայաստանի տարածք եւ զգուշացուցած, որ այս քաղաքականութեան հետեւանքներուն գինը պիտի վճարէ ամբողջ հայ ժողովուրդը։