Լիլիթ Գալստեան․ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակիչներու ընկերային եւ իրաւական խնդիրները հետեւողական լուծումներ կը պահանջեն

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 31-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան մասնակցած է Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած անձերու կարգավիճակին եւ անոնց ընկերային իրաւունքներու գործադրութեան ոլորտին մէջ առկայ իրաւակիրառ խնդիրներուն նուիրուած քննարկումին, որ կազմակերպուած էր «Իրաւունքի պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։

Քննարկումին ընթացքին Գալստեան ընդգծած է, որ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակիչները կը շարունակեն դիմագրաւել բազմաթիւ ընկերային եւ իրաւական խնդիրներ, որոնց մէկ մասը կը վերաբերի օրէնսդրական կարգաւորումներուն, իսկ ուրիշներ՝ կամայական վերաբերմունքին, իրաւաբանական աջակցութեան մատչելիութեան եւ իրաւակիրառ ոլորտին մէջ առկայ թերութիւններուն։

«Խնդիրներու շրջանակը բաւական լայն է, սակայն հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ անոնց մեծ մասը կարելի է լուծել», նշած է Գալստեան։

Գալստեան շեշտած է նաեւ, որ որեւէ ընկերային կամ իրաւական աջակցութիւն չի կրնար ամոքել կորսուած հայրենիքի ցաւը, սակայն անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը հասարակական կազմակերպութիւններու, իրաւական համայնքի եւ շահագրգիռ այլ կառոյցներու հետ՝ կարելի եղած չափով լուծելու բռնի տեղահանուած արցախահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները։

Ան յայտնած է, որ Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովը պատրաստ է քննարկելու բարձրացուած հարցերը, բացայայտելու իրաւական բացերը եւ պաշտպանելու Արցախի բռնի տեղահանուած բնակիչներու իրաւունքները։