Իրան Հաստատեց, Որ Հարաւային Կովկասը Պէտք Չէ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Դաշտ Դառնայ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանեց 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան եռակողմ հանդիպումը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանանի, պատասխանելով հանդիպումին մասին հարցումի մը՝ շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասը պէտք չէ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտ դառնայ:

Ըստ անոր՝ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կարեւոր է խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:

«Այդ իսկ պատճառով պէտք է օգտագործել տարածաշրջանային ձեւաչափերու կարելիութիւնները, որոնց կարգին «3+3» ձեւաչափը: Պէտք է այդ գծով ամրապնդել խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը եւ ամրապնդել համագործակցութիւնը փոխշահաւէտ հիմքի վրայ», ըսաւ Քանանի:

Comments are closed.