ԹՐԻՓՓ+ հիմնադրամի ղեկավար Կոնստանտին Սոկոլով Երեւանի մէջ է

ԵՐԵՒԱՆ.- Թրանս-Կասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամի նախագահ Կոնստանտին Սոկոլով Երեւան կը գտնուի։ Խորհրդային Միութեան մէջ ծնած եւ հետագային Շիքակօ տեղափոխուած ամերիկացի ներդրողը պիտի ղեկավարէ Հայաստանէն անցնող ԹՐԻՓՓ+ առեւտրական հիմնադրամը։

Սոկոլով ներկայ գտնուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդական Արյէ Լայթսթոունի հանդիպումին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ հանդիպումին քննարկուած են հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը, առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական եւ ուժանիւթային դիմակայունութեան ամրապնդման ծրագիրները։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ԹՐԻՓՓ ծրագրի իրականացման ընթացքին՝ ընդգծելով զայն կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ գործնական փուլի հասցնելու շահագրգռութիւնը։ Քննարկուած են միջազգային փոխադրական եւ ենթակառուցուածքային համակարգերուն Հայաստանի արդիւնաւէտ համարկման հեռանկարները։

Միացեալ Նահանգներու պետական ծախսերու պաշտօնական կայքէջին համաձայն՝ ամերիկեան կառավարութիւնը կրկնապատկած է ԹՐԻՓՓ+ առեւտրական հիմնադրամին տրամադրուելիք միջոցները՝ 201 միլիոն տոլարէն հասցնելով 402 միլիոն տոլարի։ Առաջին 201 միլիոն տոլարի դրամաշնորհը յատկացուած էր Յունուար 30-ին, իսկ երկրորդը՝ Յուլիս 16-ին։ Գումարներու օգտագործման վայր նշուած է Հայաստանը, իսկ ծրագիրը նախատեսուած է իրականացնել մինչեւ 2036-ի Դեկտեմբեր։

Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն հաւանութիւն տուած է ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ հայ-ամերիկեան ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագրի վաւերացման նախագիծին։

Սահմանադրական դատարանը համաձայնագրին Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը պիտի քննէ Սեպտեմբեր 15-ին՝ գրաւոր ընթացակարգով։ Դրական որոշումի պարագային համաձայնագիրը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով՝ վաւերացման։