Թրամփ կը յայտարարէ եռակողմ հիւլէական համաձայնագիրի հնարաւորութեան մասին
- (0)

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ իր հանդիպման ընթացքին քննարկած է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ նոր հիւլէական համաձայնագիր մը կնքելու հնարաւորութիւնը։
Ըստ Թրամփի, առաջարկուող համաձայնագիրը նպատակ ունի սահմանափակելու երեք երկիրներու հիւլէական մարտագլխիկներու քանակը։ Ան լրագրողներուն յայտնած է, թէ Չինաստանի ղեկավարը «շատ դրական արձագանգ» տուած է առաջարկին՝ աւելցնելով. «Ասիկա սկիզբն է»։
Փենթակոնի գնահատումով, Չինաստանի հիւլէական զինանոցը ներկայիս կը գերազանցէ 600 գործող մարտագլխիկ, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան իւրաքանչիւրը կը տիրապետեն աւելի քան 5,000 հիւլէական մարտագլխիկներու։
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերջին հիւլէական սպառազինութեան սահմանափակման համաձայնագիրը՝ «New START»-ը, փետրուարին սպառեցաւ՝ առաջին անգամ աւելի քան կէս դարէ ի վեր առանց սահմանափակումի ձգելով աշխարհի երկու խոշորագոյն հիւլէական զինանոցները։